Միլուոքի Պաքսի ամերիկացի պասքեթպոլիստ Քրիս Միտըլթոն պիտի բացակայի «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մեկնարկէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան Միտըլթոն ցարդ ապաքինման ընթացքին մէջ է ձախ դաստակի իր կատարած վիրաբուժութենէն ետք:
Ան նախորդ տարեշրջանին փլէյ օֆի մրցումներուն մեծ մասէն բացակայած էր ծունկի վնասուածքի պատճառով:
«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին մեկնարկը տրուեցաւ երէկ:


