Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննիքեն Հիւթֆիլտթ սահմռկեցուցիչ կը նկատէ ազրպէյճանցիներու կողմէ հայ գերիներու գնդակահարման տեսանիւթը եւ կը շեշտէ, որ նման յանցագործութիւններու պատասխանատուները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Նախարարը վստահ է, որ տեւական խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ միայն բանակցութիւններու միջոցով: Նախարարը նման տեսակէտ յայտնած է Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ 19 հոկտեմբերին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Ազրպէյճանցիներու կողմէ անզէն հայերը գնդակահարելու տեսանիւթերը սահմռկեցուցիչ են, եւ մենք ստիպուած եղանք արձագանգելու: Նման յանցագործութիւններու պատասխանատուները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին», ըսաւ Հիւթֆիլտթ:
Նախարարը ընդգծեց, որ զինք ոգեւորած է վերջերս Փրակայի քառակողմանի հանդիպումին աւարտին կատարուած յայտարարութիւնը, որով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները վերահաստատած են, որ երկու երկիրները կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը: Աննիքեն Հիւթֆիլտթ ասիկա նկատեց ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած կարեւոր քայլ` դէպի խաղաղ լուծում:
Նորվեկիան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն: Հիւթֆիլտթ հաւատացած է, որ տեւական խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ միայն բանակցութիւններու միջոցով:
Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր հայ գործընկերոջ` Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին միեւնոյն ժամանակ վերահաստատած էր Նորվեկիոյ պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման:
Խօսելով Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած 44-օրեայ պատերազմի եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ վերջին յարձակումին պատճառով յառաջացած մարդասիրական մարտահրաւէրներուն մասին` արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ իրենք կը հասկնան, թէ երկրին համար այդ դժուար ժամանակաշրջանին ի՛նչ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած են բազմաթիւ հայեր` յիշեցնելով, որ Նորվեկիան արդէն իսկ ներգրաւուած է շրջանին մէջ մարդասիրական աջակցութեան որոշ ծրագիրներու մէջ, որոնք նաեւ հայերուն օգուտ կը բերեն:
«Այստեղ այցելութեանս նպատակներէն մէկն է աւելի լաւ հասկնալ, թէ արդեօք Նորվեկիան կրնա՞յ եւ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ու համագործակցութեան նոր ոլորտներ գտնել», նշեց Հիւթֆիլտթ:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ յարաբերութիւններուն, Հայաստանի եւ շրջանին մէջ Նորվեկիոյ առաջնահերթութիւններուն` նախարարը ընդգծած է, որ իրենք ոգեւորուած են ժողովրդավարական բարեփոխումներուն Հայաստանի նուիրուածութեամբ:
«Ատիկա համարձակ ընտրութիւն է բարդ շրջանի մէջ դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ: Այցելութեանս նպատակն է մասամբ ուսումնասիրել, թէ Նորվեկիան ինչպէ՛ս կրնայ այս հարցին մէջ ձեզի աջակցիլ: Մենք կ՛ուզենք մեր հայ ընկերներուն հետ ընդլայնել մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները` հիմնուած հասարակաց արժէքներու վրայ: Մենք նաեւ կը հաւատանք, որ խաղաղ ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասը կարեւոր է ո՛չ միայն շրջանի երկիրներուն, այլ նաեւ Եւրոպայի եւ Նորվեկիոյ համար», նշած է ան:
Նախարարը վստահեցուցած է նաեւ, որ Նորվեկիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Եւրոպական խորհուրդի` Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու ծրագիրին: «Եւրոպական խորհուրդը, Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատունը եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային որոշ կազմակերպութիւններ մեր հիմնական ուղիներն են` Հայաստանի մէջ կարեւոր բարեփոխումներուն աջակցելու համար», ըսած է Հիւթֆիլտթ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ աջակցութեան համար առաջնահերթութիւններն են օրէնքի գերակայութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ միջավայրը:


