Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անհաւասար Կարգավիճակներ

Հոկտեմբեր 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութիւնը անորոշութեան բաժին ունի երեւութապէս:

Ըստ պաշտօնական Պաքուի, Երեւանը պէտք է հրաժարի Զանգեզուրի միջանցքին հետ կապուած պատճառաբանութիւններէն եւ  պէտք է դադրեցնէ խուսափիլը 2020 թուականի նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ ամրագրուած իր պարտաւորութիւններէն:

Անորոշութիւնը կամ հակասութիւնը, որ այստեղ կ՛երեւի, այն է, որ միջանցքի պարտաւորութեան մասին կը խօսուի եւ յղում կը կատարուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, ուր միջանցք եզրը չէ օգտագործուած: Խօսքը հաղորդուղիներու ապաշրջափակման մասին է: Պաքուն դիտաւորեալ այդ ամրագրուած բաժինը կ՛ուզէ ընկալել իբրեւ միջանցք: Հակասութիւնը երեւութական է, օգտագործուած խօսոյթը խիստ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ:

Պայրամովի յայտարարութիւնը իր ձեւով կը հիմնաւորէ այս անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յայտնելով, որ  արցախեան պատերազմէն ետք Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկեց ստորագրել խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր, որուն Հայաստանը թէեւ ուշացած, բայց դրական պատասխանեց: Ազրպէյճանը ունի ողջմիտ պահանջներ, որոնց շարքին է Զանգեզուրի միջանցքի համարժէք կարգավիճակը Լաչինի միջանցքին:

Այստեղ եւս հակասութիւնը առկայ է: 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ Լաչինի միջանցքի մասին 6-րդ կէտով նշուած է: Մինչդեռ 9-րդ կէտին մէջ կը խօսուի հաղորդակցային ուղիներու բացման մասին:

Այստեղ եւս Զանգեզուրի միջանցք ըսելաձեւի օգտագործումը նոյն քաղաքական նպատակը ունի:

Առաջադրելով Զանգեզուրի կարգավիճակի հաւասարեցում Լաչինին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պարզապէս կը վերարտադրէ իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ կատարած յղումը 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին:

Հիմա տեսնենք 6-րդ եւ 9-րդ  կէտերուն հասարակ յայտարարի բաժինը:

6-րդ կէտով ամրագրուած Լաչինի միջանցքի կարգավիճակ. Կողմերուն միջեւ համաձայնեցմամբ` յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի սահմանուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը` այդ երթուղիի պահպանութեան նպատակով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ վերատեղակայմամբ:

Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով տեղաշարժի անվտանգութիւնը:

9-րդ կէտով ամրագրուած` Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միացնող ճանապարհի կարգավիճակ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

6-րդ կէտին մէջ Ազրպէյճանը կ՛երաշխաւորէ միջանցքով երկու ուղղութեամբ տեղաշարժուելու անվտանգութիւնը` ռուսական զօրամասի վերատեղակայմամբ. իսկ 9-րդով` Հայաստանը կ՛երաշխաւորէ ռուսական սահմանապահ զօրքերու վերահսկողութեամբ:

Երբ թուրքեւազրպէյճանական կողմը նոյն կարգավիճակը կ՛ըսէ, կ՛ընդգծէ ուրեմն ռուսական վերատեղակայումին դիմաց ռուսական վերահսկողութիւնը եւ ըստ էութեան միջանցք բառը օգտագործելով կը յենի եռակողմ պայմանաւորուածութեան համապատասխան կէտերուն վրայ: Ուղերձը նաեւ Մոսկուային է աճապարելու նոր ճանապարհներու տրամադրումին կամ 9-րդ կէտի իրականացման:

Անգարայի ցուցադրած համահաւասարեցման այս խաղը թափանցիկ է. հետեւաբար` խաբուսիկ: Անցքերուն կամ ճամբաներուն կարգավիճակները կրնան նոյն կանոնով ըլլալ` ռուսական տեղակայումով կամ հսկողութեամբ: Էական խնդիրը այլ է. զուգահեռ ընթացող խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի պարագային  կը շրջուի ամէն ինչ: Կ՛իմաստազրկուի Լաչինի միջանցքը, եւ թուրանական կամուրջը աշխատած կ՛ըլլայ: Ծուղակը այստեղ է: Անցքը ստանալ, ապա սահմանազատել- սահմանագծել եւ փոխադարձաբար ճանչնալ տալ տարածքային ամբողջականութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Իշխանափոխութիւնը Անհրաժեշտ Պայման Է Երկիրը Ստեղծուած Իրավիճակէն Դուրս Բերելու Համար»

Յաջորդը

«Իսրայէլ, Ըստ Երեւոյթին, Կը Պատրաստուի Ուքրանիոյ Զէնք Մատակարարելու. Այդ Քայլը Պիտի Քանդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Բոլոր Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

RelatedPosts

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան  Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման  Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»
Գլխաւոր լուրեր

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Օգոստոս 22, 2025
Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս  Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց
Գլխաւոր լուրեր

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Օգոստոս 22, 2025
Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները  Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ  Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?