Փարիզի քաղաքային խորհուրդը 13 հոկտեմբերին ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդին միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
«Բանաձեւով Փարիզը կը դատապարտէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը` ազրպէյճանական յարձակումը որակելով իբրեւ միջազգային օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներ: Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն դէմ», նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: