«Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Ճափոնի կրան փրին (18-րդ հանգրուան) նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ աշխարհի գործող ախոյեան «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, նետերլանտցի Վերսթափեն ժամանակէն առաջ ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը, այսպիսով դառնալով աշխարհի կրկնակի ախոյեան:
Վերսթափեն, որ ապահովեց տարեշրջանի իր 366-րդ կէտը, այսպիսով անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցին եւ խմբակիցին` մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզի համար, որ ունի 253 կէտ:
Նշենք, որ տարեշրջանի 23-րդ եւ վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 16 դեկտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու մէջ:


