Ուքրանիոյ ենթակառոյցներուն Ռուսիոյ օդային հարուածները պատերազմի «բնոյթի խորքային փոփոխութիւն» են: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն` երկրի արեւմուտք կատարած ուղեւորութեան ժամանակ:
Անոր համաձայն, Փարիզ վերադառնալուն պէս ան պիտի հրաւիրէ իր զինուորական ու դիւանագիտական խորհրդականները` «կացութիւնը վերլուծելու համար»:
Մաքրոն երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Կողմերը քննարկած էին Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժեղացման հարցը:
10 հոկտեմբերին կատարուած զանգուածային հրթիռային հարուածին պատճառով վնասուած է աւելի քան 30 բնակավայրի ենթակառոյց:
«Քորրեսփոնտենթ» կը գրէ, որ Զափորոժիէի շրջանային զինուորական վարչակազմի ղեկավար Ալեքսանտր Սթարուխ երէկ յայտնած է, որ ռուսական զօրքերը 12 «Սի.-300» հրթիռ արձակած են Զափորոժիէի ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ զոհուած է մէկ մարդ:
Ռուսական հրթիռային հարուածներու թիրախ դարձած են ենթակառուցային վայրերը:
«Երկու հրթիռ խոցած է ինքնաշարժներու սրահը, այդ պատճառով ալ մարդ մը մահացած է, հրդեհ բռնկած, արտակարգ իրավիճակներու աշխատակիցները յաջողած են մարել զայն, մնացած հրթիռները խոցած են ուսումնական հաստատումը եւ դպրոցը. դարմանատունը վնասուած է», մանրամասնած է ան:
Ռուսիոյ զօրքերը ամբողջ գիշերը գնդակոծած են Տնեփրոփեթրովսքի մարզի երեք շրջաններ: Այս մասին երէկ յայտարարեց շրջանի զինուորական վարչակազմի ղեկավար Վալենթին Ռեզնիչենքօ:
«Հակառակորդը օգտագործած է «Կրատ», «Ուրական», «Թոռնատօ-Ս» եւ ծանր հրետանի, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան», մանրամասնած է ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Ռուսիան ոչ ոքի հիւլէական զէնքի կիրարկումով կը սպառնայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն, արեւմտեան երկիրները եռանդուն կերպով կ՛օգտագործեն այդ հռետորաբանութիւնը` փորձելով ներկայացնել, որ Մոսկուան պատրաստ է հիւլէական զէնքով հարուածներ հասցնելու:
«Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներն ու անոնցմէ կախեալ եղող պետութիւնները եռանդուն կերպով շրջանառութեան մէջ կը դնեն հիւլէական հռետորաբանութիւնը: Անոնք կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, որ մեր երկիրը իբրեւ թէ կը պատրաստուի զանգուածային ոչնչացման զէնքերով հարուածել: Անգամ մը եւս պէտք է բացատրել, որ Ռուսիան ոչ ոքի հիւլէական զէնքի օգտագործումով կը սպառնայ», ըսած է Ռիապքով:


