Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Պրեսթ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Միշել Տէր Զաքարեանը:
Անոր հետ միասին իրենց պաշտօնները կորսնցուցին նաեւ անոր օգնականները` Ֆրանք Ռիսեթթօ, Ալեքսանտր Կարիա եւ Տաւիտ Փեքուրա:
59 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 30 յունիս 2023:
Ան նախապէս եղած է Նանթի, Քլերմոնի, Ռեմսի եւ Մոնփելիէի մարզիչ:
Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքը (վեց կէտով)` տասը մրցումի ընթացքին արձանագրելով յաղթանակ մը միայն:
Նախորդ տարեշրջանին Պրեսթ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը: