Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականի անդամ Էլինա Դանիէլեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Դանիէլեան այս ախոյեանութեան կը մասնակցէր աւստրիական Ասվոյէ Փամհակէն ակումբին հետ` իրեն խմբակից ունենալով երկու ուքրանացի եւ լեհ մը:
Անոր կազմը այս մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` հինգ յաղթանակով եւ երկու հաւասարութեամբ:
Երկրորդ հանդիսացաւ ռումանական «Ա. ԷՍ. Ի.» խումբը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մոնթէ Քարլօ (Մոնաքօ):