Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջարկ` «Փթիթ»-ի Յարատեւութեան Համար

March 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ամիսէ մը ի վեր «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի վերջին թիւը գրասեղանիս վրայ է:

Ինձմէ կ՛ակնկալէ, որ քանի մը խօսք գրեմ իր մասին:

Կողքը կը նայի ինծի եւ կը սպասէ արդարօրէն:

Արդեօք ինձմէ գնահատականի՞ կը սպասէ, չեմ կարծեր. յաջող գործերը  բնականօրէն կ՛արժանանան մարդոց գնահատանքին:

Արդեօք ինձմէ քարոզչութի՞ւն կը սպասէ. չեմ խորհիր, որովհետեւ յաջող ծրագիրները շատ արագ կը տարածուին ընկերութեան   բոլոր        խաւերուն մէջ:

Արդեօք ինձմէ գրութիւ՞ն կ՛ակնկալէ. չեմ կարծեր:

Կը փորձեմ հասկնալ, թէ ճշգրտօրէն արդեօք ի՞նչ կ՛ակնկալէ ինձմէ «Փթիթը»-ը: Քիչ մը կը թերթատեմ.

Հրաշալի տպագրութիւն,
Հարուստ բովանդակութիւն,
Գեղեցիկ նկարազարդում,
Կարդալու, խաղալու, լուծելու եւ ներկելու
բացառիկ առիթ,
Հայերէնը սիրելու եւ սորվելու դարուն համահունչ ծրագիր:

Ուրեմն ի՞նչ է «Փթիթ»-ին ակնկալութիւնը:

Շատ ուշ միայն կը հասկնամ «Փթիթ»-ին իսկական ակնկալութիւնն ու մտահոգութիւնը:

«Փթիթ»-ը մտահոգ է ապագայով. ան կը վախնայ, որ երկար կրնայ չապրիլ եւ դատապարտուիլ իր նախորդներէն «Մկոն ու Չալոն»-ի դառն ճակատագրին:

Է՛, անցեալէն դաս պէտք է առնել:

Եթէ նախկիններէն ոմանք ունէին միութենական նեցուկներ, «Փթիթ»-ը զուտ անձնական նախաձեռնութիւն է եւ ապաւինած է իր հրատարակիչներուն բազուկին:

Ուրեմն, ահաւասիկ` առաջարկը.

Լիբանանահայ գաղութը պարտականութիւն ունի յարատեւ դարձնելու «Փթիթ»-ի հրատարակութիւնը. գաղութին կրթական բոլոր հաստատութիւնները պարտաւոր են որդեգրել «Փթիթ»-ը որպէս կրթական մեր ծրագիրներուն եւ դասագիրքերուն օժանդակ աշխատանք, որ աւելիով կը հարստացնէ հայերէնի իմացութիւնը մեր նոր սերունդին մօտ: Կը սպասուի գործնական քայլեր եւ ոչ թէ` խօսքեր:

Կը մնայ շնորհաւորել «Փթիթ»-ին հրատարակիչները այս գեղեցիկ եւ դաստիարակիչ նախաձեռնութեան համար, յատկապէս` Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանները:

Յուսանք, որ այս առաջարկը գաղութին մէջ կ՛ունենայ լսող կրթական պատասխանատուներ եւ այս նախաձեռնութիւնը չի մատնուիր նախկիններու ճակատագրին: Յայտնեմ նաեւ, որ փոքրիկ Գաբրիէլը, հակառակ անոր որ նոր կարդալ կը սորվի, մեծապէս խանդավառուեցաւ «Փթիթ»-ով եւ խնդրեց, որ իրենք միշտ «Փթիթ» ստանան:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանի Ղափլանեանի Անուան Թատրոնի Շէյքսփիրեան Յաղթարշաւը

Յաջորդը

Կարս Եւ Անի Վերադառնալու Յոյս. Հողայինպահանջատիրութիւնը Խորհրդային Տարիներին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։