Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Արտասահմանեան Սառեցուած Հաշիւներէն 7 Միլիառ Տոլարը Պիտի Ապասառեցուի

October 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կը սպասէ իրեն պատկանող, սակայն արտասահմանի մէջ սառեցուած 7 միլիառ տոլարի ապասառեցման, որովհետեւ Իրանի իշխանութիւնները արտօնած են 85-ամեայ իրանցի-ամերիկացի Պաքր Նամազիի բուժման նպատակով մեկնիլ արտասահման, իսկ անոր որդին` 50 տարեկան Սիամաքը, ազատ արձակուած է Թեհրանի բանտէն: Այս մասին կը գրէ «Տը Կարտիըն»:

«Երկու երկիրներու բանտարկեալները ազատ արձակելու շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու աւարտէն ետք Իրանի սառեցուած գումարներէն 7 միլիառ տոլարը պիտի ապասառեցուի», կը նշուի ԻՐՆԱ պետական լրատուական գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Շարք մը երկիրներու մէջ, մասնաւորաբար` Չինաստանին, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի մէջ, միլիառաւոր տոլարներու իրանեան միջոցները սառեցուած են, երբ 2018 թուականին Միացեալ Նահանգներ վերահաստատած են իսլամական հանրապետութեան դէմ խիստ պատժամիջոցները` համաշխարհային տէրութիւններու հետ Թեհրանի հիւլէական համաձայնագիրէն միակողմանի դուրս գալէն ետք:

Պաքր Նամազին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի նախկին պաշտօնեայ է: Ան կալանաւորուած էր 2016 թուականի փետրուարին, երբ մեկնած էր Իրան` ճնշում գործադրելու իր որդին` Սիամաքը ազատ արձակելու համար. վերջինս ձերբակալուած էր 2015-ի հոկտեմբերին:

Երկուքն ալ 2016 թուականի հոկտեմբերին դատապարտուած են լրտեսութեան համար եւ դատապարտուած 10 տարուան ազատազրկման:

Հայրը 2018 թուականին ազատ արձակուած էր առողջական վիճակին պատճառով եւ իր պատիժը կը կրէր տնային կալանքի տակ:

 

Նախորդը

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Պատրաստ Ենք Ազրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններ Վարելու` Արցախը Իբրեւ Լիիրաւ Կողմ Ճանչնալու Պարագային»

Յաջորդը

«ՀԱՊԿ-ի` Ռուս-Ուքրանական Տագնապի Գօտիին Մէջ Մասնակցութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ» Կ՛ըսէ Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.