Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երկրագունդին հիւսիսային կիսագունդին մէջ, իւրաքանչիւր եղանակ կը տեւէ 3 ամիս. աշունը սկսաւ… 23 սեպտեմբերին: Ո՛չ, աշունը միշտ 21 սեպտեմբերին չի սկսիր:
Աշունը կը սկսի գիշերահաւասարի օրը, երբ ցերեկը եւ գիշերը նոյն տեւողութիւնը կ՛ունենան, որովհետեւ այդ օրը արեւը կ՛անցնի հասարակածի զենիթի կէտէն: Աշնանային գիշերահաւասարի օրը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ 21-24 սեպտեմբերի միջեւ: Այդ օրն է, որ եղանակը կը փոխուի:
Այս ձեւով, այս տարի աշունը եկաւ 23 սեպտեմբերին: Այդ օրը գիշերը եւ ցերեկը նոյն տեւողութիւնը ունէին: 23 սեպտեմբերէն ետք գիշերները աւելի կ՛երկարին, մինչ ցերեկուան լուսաւոր ժամեր կը նուազին: Այս վիճակը պիտի տեւէ մինչեւ 22 սեպտեմբեր 2022, երբ տեղի պիտի ունենայ ձմրան արեւադարձը, այսինքն երբ գիշերը տարուան ամէնէն երկար տեւողութիւնը կ՛ունենայ:
Հետեւաբար եղանակներու փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ գիշերահաւասարներու եւ արեւադարձերու օրերը: Այս օրերը կը հաշուըւին ըստ արեւուն դիրքին եւ կանոնաւոր կերպով կը փոխուին, որովհետեւ երկրագունդը արեւուն շուրջ չի դառնար ճիշդ 365 օրէն:
Ամէն տարի տեղի կ՛ունենան 2 գիշերահաւասար եւ 2 արեւադարձի օրերը: 2022-ին, գարնանային գիշերահաւասարը տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 մարտին, իսկ ամառնային արեւադարձը` չորեքշաբթի, 21 յունիսին: Աշնան գիշերահաւասարը տեղի ունեցաւ 23 սեպտեմբերին, եւ վերջապէս, ձմրան արեւադարձը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին:
Մենք պէտք է սպասենք 2025-ին, որպէսզի աշնան գիշերահաւասարը փոխուի եւ դարձեալ 22 սեպեմբերին տեղի ունենայ: Իսկ որպէսզի ան համապատասխանէ 21 սեպտեմբերին… պէտք է սպասել մինչեւ 2092:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ շեղակի ձեւով: Տարուան ընթացքին, ըստ անոր դիրքին, մենք կը ստանանք կամ զօրաւոր, կա՛մ նուազ կիզիչ արեւու ճառագայթներ: Այս ձեւով է, որ եղանակները կը բացատրուին: Աշնան, արեւու ճառագայթները նուազ են, քան` ամրան: Հետեւաբար օդը աւելի ցուրտ կ՛ընէ:
Անջրպետանաւային Յաղթանակը
ՏԱՐԹ անջրպետանաւը դէպի անջրպետ ուղղուեցաւ 24 նոյեմբեր 2021-ին, Ան ճշգրիտ պաշտօն մը ունէր. երկնաքարի մը (ասթէրոյտ հարուածել: Երեքշաբթի առտու ան կրցաւ իր նպատակին հասնիլ:
Մեր մոլորակին սպառնացող ամէնէն ծանր վտանգներու ցանկին ամէնէն բարձր կարգերու վրայ կը գտնուի անջրպետին մէջ ճամբորդող հսկայական քարի մը կողմէ զարնուիլը: Նման բան մը վերջին անգամ պատահած է 66 միլիոն տարիներ առաջ` պատճառ դառնալով հոյամողէզներու անհետացումին: Այս պատճառով գիտնականները շատ մօտէն կը հսկեն անջրպետը:
Նման սպառնալիքները հեռացնելու համար անոնք ստեղծած են ՏԱՐԹ ծրագիրը: Աւելի քան կէս թոն կշռող այս անջրպետանաւը միայն մէկ պաշտօն ունի. հասնիլ մինչեւ Տիտիմոս երկնաքարը եւ անոր Տիմարֆոս արբանեակը: Մտահոգուելու հարց չկայ. անոնք ոչ մէկ ուղիղ վտանգ կը ներկայացեն երկրագունդին համար, այլ ընտրած են պարզապէս այս յատուկ փորձը կատարելու համար:
Սակայն նման դէպք մը կրնայ պատահիլ օր մը: Հետեւաբար պէտք է նախատեսել միջոցներ` երկրագունդը պաշտպանելու համար: Այդ միջոցներէն մէկն է անջրպետանաւով մը զարնել երկրագունդը սպառնացող երկնաքարը` այս ձեւով մղելով այդ հսկայական երկնային մարմնին իր ուղղութիւնը շեղելու: Երկրագունդը այլեւս անոր ճամբուն վրայ չի գտնուիր, եւ աշխարհը կը փրկուի:
Իսկական պայմաններու մէջ կատարուած այս աննախընթաց փորձը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, երեքշաբթի լոյս գիշերին, 27 սեպտեմբերին, առտուան ժամը 2:14-ին:
Ժամական 22 հազար քմ յառաջանալով եւ 11 միլիոն քիոմեթրեր կտրելէ ետք, ինքնաշարժի մը մեծութիւն ունեցող ՏԱՐԹ (Տապըլ Ասթէրոյտ Րիտայրեքշըն Թեսթ) աջրպետանաւը վերջապէս զարնուեցաւ Տիմորֆոս փոքրիկ երկնաքարին:
Տիմորֆոս մօտաւորապէս 160 մեթր տրամագիծ ունի եւ ո՛չ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ երկրագունդին համար: Մինչեւ հիմա Տիմորֆոս կը դառնար Տիտիմոս աւելի մեծ երկնաքարին շուրջ` 11 ժամ եւ 55 վայրկեանէն: ՏԱՐԹ-ին պաշտօնն էր Տիմորֆոսի այդ շրջապտոյտը 10 վայրկեանով կարճեցնել` զայն Տիտիմոսի մօտեցնելով:
Պէտք է տակաւին սպասել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ, մինչեւ որ գիտնականները կարենան հաստատել, որ երկնաքարին ուղղեգիծը իսկապէս փոխուեցաւ: Ասիկա կարելի պիտի ըլլայ` շնորհիւ անջրպետին մէջ շրջող «Ճէյմս-Ուէպպ» եւ «Հապպըլ-2» աստղադիտակներուն: Իսկ 2024-ի հոկտեմբերին «Հերա» եւրոպական անջրպետանաւը պիտի ուղղուի դէպի Տիտիմոս` ստուգելու այս բախումին վերջնական արդիւնքը: Այդ ժամանակն է միայն, որ մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ նման «զէնք» մը կրնայ ծառայել իսկական սպառնալիքի պարագային:
Մտածենք
Տարեդարձին Վերաբերեալ
Հայկը, Արամը, Սեւակը, Վարդանը եւ Հրակը անդրադարձան, որ իրենց տարեդարձները նոյն օրուան կը զուգադիպին, սակայն` տարբեր ամիսներու: Անոնցմէ ո՛չ մէկը նոյն տարիքը ունի: Անոնց միւս ընկերները կը փորձեն կռահել իւրաքանչիւրին տարիքը:
Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գիտնալ իւրաքանչիւրին տարիքը:
1.- Սեւակը Վարդանէն աւելի մեծ է:
2.- Արամը եօթը տարեկան էր 3 տարի առաջ:
3.- Հրակին տարիքը անզոյգ թիւ մը չէ:
4.- Վարդանը Հայկին կէս տարիքը ունի:
5.- Վարդանին եւ Սեւակին տարիքներուն միջեւ 2 տարի կայ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ
գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս կատարել վարի գումարումները եւ ապա
արդիւնքները գտնել տախտակին մէջ:



