Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան:
«Թուրքիան լիակատար իրաւունք ունի բոլոր օրինական միջոցներով պաշտպանելու իր շահերը` պայմանով, որ ան ընդունի միջազգային օրէնքի արժեչափերը: Սակայն իրաւունք չունի կոպտօրէն խախտելու միջազգային օրէնքը եւ պատերազմով սպառնալու Յունաստանին:
«Յունաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ յաւակնութիւններ չի ներկայացներ եւ հանդէս կու գայ երկխօսութեան օգտին` միջազգային օրէնքի հիման վրայ:
«Սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ան պիտի պաշտպանէ իր օրինական շահերն ու իրաւունքները»:
Անգարան, նախապէս, Եգէական ծովուն մէջ Յունաստանի քայլերուն աջակցող երկիրներուն կոչ ուղղած էր «առողջ բանականութեամբ առաջնորդուելու»:
Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ նշուած էր. «Յունաստանին ապառազմականացուածի կարգավիճակ ունեցող կղզիներու մէջ սպառազինութիւն տեղակայելու կոչ ուղղող շրջանակները պէտք է առաջնորդուին առողջ բանականութեամբ»:


