Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Դժգոհ Է Սերպիոյ` Ռուսիոյ Հետ Արտաքին Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ Կատարելու Որոշումէն

September 30, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը դժգոհ է Ռուսիոյ հետ արտաքին քաղաքական խորհրդակցութիւններ կատարելու Սերպիոյ որոշումէն եւ յայտարարած է, թէ ատիկա հարցեր յառաջացուցած է այն ատեն, երբ Պրիւքսել միութեան միանալու ձգտող երկիրներուն կոչ ուղղած է Մոսկուայի հետ սովորական գործեր չկատարելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ անոր սերպ գործընկեր Նիքոլա Սելաքովիչ ուրբաթ օր ստորագրած են փաստաթուղթ մը, որ «խորհրդակցութիւններու ծրագիր» կը կոչուի:

Սելաքովիչ ըսած է, որ նշեալ ծրագիրը խորհրդատուութիւններ կը ներառէ երկկողմանի եւ բազմակողմանի գործունէութեան վերաբերեալ:

Եւրոպական Միութեան բանբեր Փիթըր Սթանօ նշած է, որ ռուս-սերպական նոր խորհրդատուական փաստաթուղթը ստորագրուած է զինակոչի մասին Մոսկուայի յայտարարութենէն ընդամէնը քանի մը օր ետք: Անոր համաձայն, Սերպիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը «շատ յստակ նշան էր իրենց կապերը ամրապնդելու մտադրութեան մասին, եւ ատիկա լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ», ըսած է ան:

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը անդամակցութեան յաւակնորդներուն շատ յստակ հասկցուցած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները «սովորական չեն կրնար ըլլալ»: Սերպիան Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը յայտարարած է ռազմավարական առաջնահերթութիւն, ինչ որ «համապատասխանութիւն կ՛ենթադրէ եւրոպական քաղաքականութեան, ներառեալ արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք ատոր շատ լուրջ կը վերաբերինք եւ ատոր կը հետեւինք»:

Սերպիոյ ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Վուլին յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ հետ ստորագրուած յուշագիրը «թեքնիք փաստաթուղթ» կոչած է եւ ըսած, որ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարները «չեն ուզեր Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչին անկախ քաղաքականութիւն վարել արտօնել»:

 

Նախորդը

Հակադարձելով Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին` «Թուրքիան Իրաւունք Չունի Միջազգային Օրէնքը Խախտելու Եւ Պատերազմով Սպառնալու» Կ՛ըսէ Աթէնք

Յաջորդը

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հիւսիսային Իրաքի Ռմբակոծման Համար Բողոքագիր Մը Յանձնեց Իրանի Դեսպանին

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.