ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ազգայիններէն, երկար տարիներ ծառայութեան պատնէշին վրայ կանգնած
ԶՈՀՐԱՊ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ` ԶՈՆԴԻԿԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Դանիէլեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Նուրիձա Դանիէլեան
Տէր եւ տիկին Եփրեմ Դանիէլեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Յակոբ Դանիէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դաւիթ Դանիէլեան եւ զաւակունք
Տիկին Յասմիկ Դանիէլեան եւ զաւակունք
Անի, Էլօ եւ Կարօ Դանիէլեաններ
Տէր եւ տիկին Յարութ Յարութիւնեան եւ զաւակունք
Դանիէլեան եւ Քերսոյեան ընտանիքներ
Յարութիւնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԶՈՀՐԱՊ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ
(Արագածի ԶՈՆԴԻԿի)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եւ հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Արագածի «Դրօ» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Դրօ» ակումբին:
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 75-րդ Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2022-2023
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի հայագիտական նիւթերու 10-րդ կրթական տարեշրջանը կը սկսի 10 հոկտեմբեր 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-8:25, կաթողիկոսարանին մէջ:
Առաջին տարին պիտի ըլլայ դասարանային դրութեամբ, շաբաթական երեք օրերու վրայ տարածուած` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը: Նախորդ երկու տարիներու ուսանողները կը շարունակեն նախկին դրութեամբ` չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, նոր ժամանակացոյցով:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ սոյն անվճար դասընթացքին (նախորդ եւ նորեկ), պարտին ներկայանալ գրասենեակի քարտուղարութեան` 19-30 սեպտեմբեր, ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ օրէն):
Նորեկ Դիմողներէ Կը Պահանջուի.-
ա.- 1 լուսանկար
բ.- Անձնաթուղթի պատճէն
գ.- Բ. Պաքալորիայի վկայականի պատճէն
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան 23 եւ 30 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:
Դասաւանդութիւնները կը սկսին 7 հոկտեմբեր 2022-ին:
Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին հետ: Մանրամասնութիւններու համար դիմել ԽԳՄԿ-ի քարտուղարութեան:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ