Պաթումի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանը անյաջող եղաւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար:
10 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն, Վաչէ Քոչարեան, որ յոյս ունէր մրցանակային դիրք մը գրաւելու, զրկուեցաւ այդ առիթէն` նկատի ունենալով, որ սեւ քարերով պարտութիւն մը կրելէ ետք 7 կէտով նահանջեց մինչեւ 11-րդ դիրք:
Նոյն դասակարգին մէջ, Տիրան Համբարձումեան ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, 6,5 կէտով բարձրացաւ 24-րդ դիրք:
Այսօր` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ոեւէ մէկը մրցանակային դիրք գրաւելու յոյս չունի: