Կիրակի, 25 սեպտեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին արտակարգ համագումարը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ գործող նախագահ Ումար Քրեմլիով մնաց իր պաշտօնին վրայ:
Ան պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան, Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին նախագահ` ռուս Ումար Քրեմլիով, աւելի քան 170 երկիրներու կռփամարտի ֆետերասիոններու ներկայացուցիչները, միջազգային պատուիրակներ եւ հիւրեր:
Նշենք, որ նախորդ մայիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարին, Քրեմլիով առանց մրցակցութեան ընտրուեցաւ նախագահ, որովհետեւ միակ թեկնածուն էր: