«Արժեւորում եւ վկայութիւններ» կը բնութագրուի գիրքը, որ կը ներկայացնէ կրօնական, եկեղեցական, գրական, ազգային առաքելութեան վաստակը մարդու մը, որուն բախտը կամ ճակատագիրը պատմական այս ժամանակահատուածին վստահեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր ժառանգութեան տէր կանգնելու պատիւը: Անչափելիօրէն պատասխանատու եւ սպառիչ պաշտօն մը, որուն տիրանալէ ետք արժեւորելը քիչերուն ի վերուստ շնորհուած արժանիք մըն է, իսկ կառավարելն ու անսասան պահելը ռազմավարական հնարամտութեան եւ կարգապահական խստապահանջութեան անառարկելի տաղանդ մը: Բնորոշումներ, որոնք կը յատկանշնեն Արամ սրբազան Քէշիշեանը, նորընտիր կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ 1995 յուլիս 1-ին հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան ծնրադիր կ՛երդուէր ամուր ու անսասան պահել Կիլիկեան աթոռը, հայցելով Աստծուն` «Ցոյց ինձ ճանապարհ` յոր գնացից» եւ «Ոուսո ինձ առնել զկամս քո»:
Ամբողջ քսանհինգամեակ մը` հաւատարիմ իր ուխտին, ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ կը շարունակէ իր երթը դէպի նորանոր նուաճումներ:
«Արժեւորում ու վկայութիւններ» գիրքը քսանհինգամեայ արգասիքին արտայայտութիւնն է ընծայաբերուած իր հօտին զաւակներու կողմէ` իբրեւ երախտիքի բուռ մը խօսք, ճիտին պարտքը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր կաթողիկոսին` անձկութիւններով, մտահոգութիւններով, մտատանջութիւններով լուսցուցած գիշերներուն, յանուն բազում իրագործումներու, յանուն հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան, յանուն հայ ժողովուրդի միասնականութեան, յանուն հայրենիքին եւ սփիւռքին ի խնդիր թափած ճիգին ու քրտինքին: Գիրքը կոթողական աշխատանք մըն է` խմբագրուած խումբ մը մտաւորականներու` Շահան արք. Սարգիսեանի, Շահան Գանտահարեանի, Արտեմիս Հացագործեանի եւ Վիգէն Աւագեանի կողմէ, գլխաւորութեամբ` Վարուժան արք. Հերկելեանին, ըստ նիւթի հատուածներու վերածուած ու համադրուած կը հրամցուի իբրեւ վեհափառ հայրապետին ծանրաբեռն տարիներու ներբող մը:
Այս փառահեղ գիրքին մեկենասութիւնը սիրայօժար ստանձնած են տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններ. քայլ մը, որ կը բխի հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած ակնածանքէն, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ խորին հաւատքէն եւ արիւն քրտինքով վաստկուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին 25-ամեայ հարուստ գանձարանը պատմութեան յանձնելու պատասխանատուութենէն:
Գիրքը կ՛ամփոփէ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ պատասխանատու անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, ուր կ՛արտացոլան Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեանց պատասխանատուներու, համաշխարհային եկեղեցիներու, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներու, մտաւորականներու, աստուածաբաններու, ակադեմիկոսներու, հրապարակագիրներու, հոգեւոր եղբայրներու, ամէնօրեայ աշխատակիցներու եւ գործակիցներու տպաւորութիւններն ու դրոշմը, զորս կրած են վեհափառէն: Այդ յօդուածները կ՛ուրուագրեն մեծ եկեղեցականին, անբասիր կրօնաւորին, միջազգային էքիւմենիսթին, խոհուն մտաւորականին եւ մեծ հայուն մարդկային ու վսեմ կերպարը:
Գիրքը բաժնուած է վեհափառ հայրապետը յատկանշող տասնեօթը գլուխներու, աւելի քան 600 ստուար էջի մէջ խտացուած ծաղկաքաղ մը, ուր կ՛արտացոլան Արամ Ա. կաթողիկոսին գործունէութեան զանազան մարզերը` ընդգծելով մասնագիտական եւ նկարագրային իւրայատկութիւնները բնորոշող գիծերը: Գեղեցիկ պատկերներու եւ ճշգրիտ բնութագրումներու ներդաշնակ գեղանկար մը, ուր հարազատօրէն կը պատկերուի հաւատքի եւ առաքելութեան հայրապետը, ընկերային ծառայութեան առաքեալը, ազգային պահանջատիրութեան անզիջող հայրապետը, ուսուցիչը, շինարարը եւ վարչագէտը: Իւրաքանչիւր բաժնին մէջ կ՛առանձնանան վեհափառ հայրապետին իւրայատուկ մտածողութիւնը, մօտեցումը, համոզումներն ու հաւատալիքները, նպատակն ու ձգտումները, ամբողջացնելով անոր կերպարի բոլոր երեսները:
Գերշ. Տ. Վարուժան Հերկելեանի ներածականով հանգամանօրէն կը ներկայացուի կենսագրականը Արամ Ա.ին եւ` Անթիլիասի կաթողիկոսութեան ու անոր գահակալներուն տեսլականէն բխած հայ եկեղեցւոյ, ազգային պահանջատիրութեան, հայ մշակոյթի եւ հայ ժողովուրդի վերապրումին ու զարթօնքին կարեւոր կէտերը խտացուած` նշելով պատկերաւոր կերպով, թէ տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան կաթողիկոսութեան ապրած հոլովոյթը հասաւ հոն, ուր այսօր` «Անթիլիասը «փոքր պատուհանէն» վերածուեցաւ ընդարձակ դարպասի, ուրկէ մուտք կը գործեն գիտնականներ, աստուածաբաններ եւ նախագահներ»:
Ամէն մէկ յօդուած գրուած է անխառն ու անխարդախ զգացումներով, յօդուածագիրի անմիջականութենէն բխած ապրումներով ու մտածումներով, հիմնուած կաթողիկոսին հետ իրենց ունեցած աշխատանքի բերումով կամ տարիներու գործակցութեամբ ու փորձառութեամբ հարստացած տպաւորութիւններով, ճշգրտօրէն նկարագրելով վեհափառ հայրապետին հարազատ պատկերը` գիրքը վերածելով յուշամատեանի մը:
Ի՞նչ կը թելադրէ «Արժեւորում եւ վկայութիւն» գիրքը, ի՞նչ կը մատնանշեն այնտեղ արձանագրուած գրութիւնները վեհափառ հայրապետին անձին, գործին ու մտահայեցողութեան մասին:
Թէ` հայ եկեղեցին եւ անոր վեհապետը խօսեցաւ ու գործեց իր ժողովուրդը յուզող, տագնապեցնող հարցերով, Հայաստանն ու Արցախը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ամէնօրեայ խնդիրներով մնացին անոր էութիւնը խռովող իրականութիւններ: Թէ` միջազգային ու նոր զարգացող գաղափարները, որոնք կը տագնապեցնեն հայ մարդը, հայ եկեղեցին դնելով կողմնորոշման վճիռի մը առջեւ, իմաստուն կերպով ճշդեց կեցուածքը, հայեացքը ուղղելով ապագային, եղաւ թոյլատու` նորին նկատմամբ, եւ հաւասարակշռեց` նորն ու հինը: Հարցադրումի ենթարկեց իր հոգիին մէջ արմատաւորուած տեսակէտներն ու կարծրատիպերը, քանդեց եկեղեցւոյ պատերը ու տարաւ եկեղեցին ժողովուրդին` մասնակից դարձնելով ժողովուրդը եկեղեցւոյ կեանքին: Իւրաքանչիւր տարին թեմա մը ընտրելով, բացաւ հայ անհատին առջեւ առիթը մտածելու, խորհելու, առաջարկներ ներկայացնելու մեր իրականութիւնը յուզող` երիտասարդական, կնոջական, կրթական, ծառայական, մամուլի, ինքնութեան եւ բազում այլ ժամանակակից նիւթերու մասին, մեր կառոյցները այժմէականացնելու եւ նոր զարգացումներով լիցքաւորելու նպատակով: «Վեհափառն իր հզօր մտքի սլացքով իւրաքանչիւր Նոր տարուան ուրոյն կշիռ եւ բովանդակութիւն է հաղորդում` նուիրելով այս կամ այն երեւոյթին, դրանով իսկ գնահատելով հայ կնոջ եւ ընտանիքի դերակատարութիւնը, երիտասարդների տաղանդն ու մտքի թռիչքը, բոլորին մղում դէպի գիրն ու գրականութիւնը, գրքի եւ ազգային արժէքների նկատմամբ առանձնակի վերաբերում ձեւաւորում»:
Երազեց ստեղծել Անթիլիաս մը, որ ըլլայ ժամանակահունչ, բայց խարսխուած աւանդականին վրայ, նոր ու գեղեցիկ` բայց հիմերը ամուր խրուած հաստատուած հինին մէջ, բացուեցաւ ժողովուրդին, սակայն չափաւորեց սահմանները` վանականին ու ժողովուրդին միջեւ, քայլ պահելով ժամանակակից գաղափարներու եւ մտածողութեան հետ:
Եւ տակաւին առանձինն եղաւ կաթողիկոսութիւնը ընդդէմ բոլոր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, արգելքներուն ու փոթորիկներուն եւ մնաց միշտ խաղաղ, ինքնավստահ, գլուխը բարձր, առանց երերալու ու առանց դղրդացնելու Անթիլիասը. «Արամ Ա.-ին մէջ ես տեսայ պետական մարդը, պետական մտածողութիւնը, պետական վերաբերմունքը երկրի, հայրենիքի եւ ժողովուրդի հանդէպ: Մեր եկեղեցական իշխանութիւնը միշտ էլ եղել է մեր պետականութեան որոյն դրսեւորումը»: «Ես այսօր խորին համոզումն ունեմ, որ անկարելի է պատկերացնել Սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան կեանքը առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Յամենայնդէպս դա այդպէս է այսօր, մեր կեանքի այս վիճակում եւ այս պայմաններում»:
Թէ` Կիլիկեան Աթոռը Սիսէն ետք եղաւ յիրաւի` նոր սփիւռքի Սիսը: «Սիսը, եթերային եւ հոգեւոր ներկայութիւն է, կաթողիկոսութեան եւ անոր հոգեւոր ճեմարանին` Դպրեվանքի կեանքէն ներս: Սիսը Անթիլիասի լուռ, բայց կոտտացող վէրքն է, հին, բայց չսպիացած վէրքը: Սիսը Կիլիկեան Աթոռին խորհուրդն է ու յիշողութիւնը: Այս իրականութենէն մղուած Արամ Ա. հայրապետը, հայկական պահանջատիրութեան զուգահեռ, կամ անոր առանցքային մէկ մղումով, շօշափելի առարկայական, քաղաքական ու յատկապէս իրաւական մակարդակի բերաւ նոյն այդ պահանջատիրութիւնը, առանց անտեսելու անոր յետադարձ հնարաւոր բոլոր վտանգները»:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ համազգային առաքելութիւն, ամբողջ ազգին հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային, կրօնական արժէքներով զբաղելու պատասխանատուութիւնը, որ կը պարփակէ ազգային, քաղաքական միջեկեղեցական եւ միջկրօնական անդաստանը: Անոնք կ՛իրագործուին մշակութային, հրատարակչական, համագումարներու եւ շինարարութիւններու ճամբով, որոնք կը գտնենք վեհափառի գրիչէն հոսած անսպառ աղբիւրներու, տեղեկութիւններու եւ իրագործումներու մէջ:
Անդրադառնալու համար միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններուն, այդ առթիւ կազմակերպած համագումարներուն, գրականութեան եւ հրատարակութիւններուն. «Ան այս կը կատարէ իր ներքին հոգեւոր եւ ազգային լինելութեան զօդելով արտաքին յարաբերութիւններու բնագաւառը` հայեցին եւ ընդհանարականը ագուցելով ու հայ եկեղեցւոյ հայ ինքնութիւնը պահպանող ու կերտող դերը միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ միջազգային երկխօսութիւններով դաշնաւորելով:… «Ծանօթացումէ առաւել սերտացումի եւ գործակցութեան կը վերածուի, առանց մեր մայր ճանապարհէն շեղելու, աշխարհին հետ քայլ պահելու եզակիութեամբ»: Անթիլիասը բանալով բոլորին առջեւ` «հայ կեանքը կածանէն քառուղի տարաւ»: Այս ըսուածը կը հաստատէ Համաշխարհային եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարը, երբ կ՛ըսէ, թէ Միջկրօնական կամ միջեկեղեցական համագումարներուն` «Փոքր թէ մեծ, Արամ Ա. կ՛առանձնանայ իր նկարագիրով, կարելի չէ աննկատ անցնիլ բազմութեան մէջ անգամ: Կը խօսի յստակ, մտածումները` համակարգուած, համոզիչ եւ սպառիչ կերպով»: Ան իմացական անձն է ու խորագէտ աստուածաբանը»: Ամբողջանալով պապական խորհուրդի նախագահի վկայութեամբ թէ` «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կրնայ հպարտանալ իր առաջնորդով, փոփոխութիւններով եւ մարտհրաւէրներով յատկանշուող այս աշխարհին մէջ»:
Միջազգային ճանաչողութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, երբ վեհափառը խօսեցաւ իր լսարանին, ի՛նչ ազգի ալ, որ կը պատկանէին անոնք, անոնց հասկնալի լեզուով, իր բոլոր նիւթերուն կիզակէտը ունենալով հայ ժողովուրդը. «Ձեռքը պահած հայկական աշխարհի զարկերակին»: «Անթիլիասը աշխարհագրական կայքէ մը անդին կը վերածուի երկխօսական լինելութեան շարժումի եւ հոգեւոր-մշակութային հայրենիքի», «Վեհափառը միայն եկեղեցական գործիչ չէ, միայն նուիրապետական աթոռի Գահակալ չէ, համահայկական նշանակութեամբ հոգեւոր, բայց նաեւ հանրածանօթ գործիչ է: Անթիլիասի մայրավանքն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը նեղ տարածութիւններն են վեհափառի լայն գործունէութեան համար»:
Ակնարկելով Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներուն. «Վեհափառի ելոյթներ երկրաշարժի ազդեցութիւն էին թողնում: Վեհափառը այդ ելոյթներում խօսում էր հայաստանցիների ու հայերի սրտից»` դիտել տալով մեր իրականութիւնը յուզող տխուր երեւոյթներուն` ի Հայաստան թէ ի Սփիւռք:
Բոլորին գրութիւններէն կ՛անցնի կարմիր թելը` ճկուն դիւանագէտը, ճշմարտութիւնները յանդուգն բարձրաձայնող մտաւորականը, բեղուն ու անխոնջ ստեղծագործողը ու մեր ժողովուրդի բախտորոշ պահերուն խիզախ կողմնորոշումներով դիրքորոշուող եկեղեցականը` պայմանաւորուած Հայաստան, Արցախ, սփիւռքով եւ ընդելուզուած ծառայութեամբ, ազգային պահանջատիրութեամբ եւ ազգային ինքնութեամբ:
(Շար. 1)
22 օգոստոս 2022



