Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Հարցը (Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն)

Սեպտեմբեր 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Հայուն ցաւը եղած է խորունկ, ան ցաւով ծնած է ու` տառապանքով աչքերը փակած: Ամէն հանդիպողին բարեկամ կոչած է ու` վիշտը պատմած: Սրտի մորմոքը օտարին յայտնելով` ան լիովին հաւատացած է, որ դիմացինէն կը գտնէ գութ, կարեկցութիւն: Բայց` ի զու՜ր… Այո՛, չենք ճանչցած մեր թշնամին, ուշ նկատած ենք մեր չարակամները եւ մեզ ատողները:

Մեր անցեալի տկարութիւններէն ու պատմական աններելի սխալներէն  բարոյական ի՞նչ դասեր կրնայինք քաղել:

Իր կամքը ուժով պարտադրել չգիտցող ու չկրցող հայը տակաւին չսորվեցաւ, որ կարելի չէ լացով ու պաղատանքով օտարի գթութեան ու օժանդակութեան ապաւինիլ: Չգիտակցեցաւ նաեւ, որ փրկութիւն չկայ առանց «երկաթէ շերեփի» բիրտ ուժի, բուռն պայքարի ու արդար կռուի:

Մեր հայրենի գրագէտներէն Կոստան Զարեան ի զուր չէ, որ գրած է. «Դար դարերի ետեւից գալիս անցնում է, եւ թշնամիները դուրս են գալիս անկիւններից, լեռնավայրերից, դաշտերից ու ձորերից… տաճիկներ, սելճուքներ, աֆղաններ,  լազեր… գալիս աւերում են, այրում, քանդում,  անցնում: Իսկ հայ ժողովուրդը հողի հետ հող, ժայռի հետ ժայռ` նստած կը սպասէ: Նստած կը սպասէ հրաշալի այլափոխութեան այն օրը, երբ մարդոց հոգիները պիտի լեցուին լոյսով, երբ Արարատի քաջերը եւ ոգիները պիտի փշրեն իրենց շղթաները եւ ուրախութեան ճիչ արձակելով` պիտի իջնեն դաշտ, երբ աւանդները արիւն եւ միս դառնան, եւ հայը պիտի հագնի իր արեւային թագը…»:  Առաքինութեան յոյսով ներշնչուած ու յագեցած` արդարութեան արեգակի ծագման սպասեցինք ու մեր ձեռքով թշնամիին յանձնեցինք ողջ արեւմտահայութիւնը, մեր պատմական հողերը, մեր ոգեղէն արժէքները եւ դարձանք թափառական:

Այստեղ յարմար կը գտնեմ յիշելու մեր մեծ վիպասան Րաֆֆին` հայոց բազմավաստակ գրողը, կեանքի մարգարէն, իր նշանաւոր «Ջալալէդդին» վէպին մէջ, բաւական յուսահատած ու զայրացած մեր նախահայրերու որդեգրած մարդկային ու քաղաքական սխալ դիրքաւորումէն` բաժակաճառ կ’առաջարկէ ու արդարօրէն կը բացագանչէ. «Ո՛վ հայրեր, պապեր, այս գաւաթը խմում եմ` բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին: Եթէ դուք այդ վանքերի տեղ, որոնցով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք, եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք, եթէ դուք այն անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք, այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լինէր»:

Չփորձենք դատել մեր գրողը եւ մանաւանդ քննադատել զինք` իբրեւ անկրօն ու անաստուած, ինչպէս իր ժամանակին շատեր անտեղիօրէն ու անպատկառօրէն ըրին:

Բաւական խրոխտ ու յանդուգն բաժակաճառ է այս, որ կրնար վիրաւորական թուիլ մեր նախահայրերու աճիւններուն, եթէ իրականութիւն չպարունակէր իր մէջ:

Արդարեւ, Հին կտակարանի մէջ Աստուած ահարկու է, վրէժխնդիր, պաշտպան` հին ազգին եւ կը մղէ զայն ինքնապաշտպանութեան, ազատութեան: Այս ոգիով թրծուելով` հրեան մնացած է մարտունակ ու չափազանց գործնական իր մարտավարութեան մէջ:

Ինքնապաշտպանութիւնը հակաքրիստոնէական չէ: Եկեղեցին մեղանչում չի համարեր ինքնապաշտպանութիւնը, այլ, ընդհակառակը, քաղաքացիական առաջնակարգ պարտականութիւն:

Ընդհանրապէս  հայ եկեղեցականը թերացած է իր այս սրբազան պարտականութեան մէջ, այսինքն շեղած իր մէկ կարեւոր առաքինութենէն: Բացայայտօրէն ան չէ փոխանցած հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մարտունակութեան ոգին, այլ կուրցուցած է հայուն միտքը հանդերձեալ կեանքով` զանց առնելով աշխարհի ներկայ կեանքը եւ հայրենիքի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը զինու զօրութեամբ:

Մեր մեծ վիպասան Րաֆֆի հրաշալիօրէն նկարագրած է այդ պակասը մեր իրականութեան մէջ: Ահա նաեւ այդ  յանդիմանական եւ նախատական հատուածը . «Բայց մեր … եկեղեցականները, որոնք ամէն օր Աստուծոյ տաճարին մէջ կարդում էին ձեզ Մովսէսի, Յեսուի, Դաւթի եւ Իսրայէլի մարգարէների գործերը, երբեք չբացատրեցին, երբեք չքարոզեցին ձեզ, թէ Աստուծոյ այդ ընտրեալները որքան միլիոնաւոր մարդիկ են կոտորել, որքան ազգեր են ոչնչացրել, մինչեւ կարողացել են իրենց ազգը` Իսրայէլը հաստատել իր հայրենական երկրում»:

Եւ մենք կը տեսնենք Հայաստանի բարօրութիւնը միայն այն դարերուն, երբ հոգեւոր հովիւները Մովսէսի, Դաւթի, Յեսուի հոգին ունէին: Երբ անոնք խաչի հետ սուր կը կրէին:

Հայ եկեղեցականը ինչո՞ւ պէտք է այդպիսի քարոզներով եւ խրատներով լուսաւորէր հայուն միտքը եւ զինք պատրաստէր ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին. որովհետեւ անոր հոգին փրկելէ առաջ, պէտք էր մարմինը պաշտպանէր, անվնաս պահէր եւ ազատէր, թոյլ չտար, որ վաղահասօրէն ու անարդարօրէն նահատակուէր, եւ աւերուէր իր երկիրը իր աչքերուն առջեւ…

Այո՛, հայ կրթուած կրօնաւորին սեպուհ պարտքն էր զինել հայը ոչ միայն հաւատքով, այլեւ Ղեւոնդ Երէցի սուրով,  ինքնապաշտպանութեան ոգիով, հայրենի երկիրը զէնքի զօրութեամբ պաշտպանելու նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ Հայաստանը կռուախնձոր դարձած էր դարերու ընթացքին:

Վերջապէս, մեր ձախողութիւնը մասամբ մըն ալ եղած է մեր ունեցած սահմանափակ ուժը չգործադրելու մէջ: Դասական օրինակ է, որ չենք զինուորագրած հայ երիտասարդութիւնը մարզելու եւ պատրաստելու, որ պայքարի եւ ի պաշտպանութիւն իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն` կատաղօրէն պատերազմի:  Մեծ մտաւորական Գերսամ Ահարոնեան շատ ճիշդ կերպով մեկնաբանած է մեր արգահատելի վիճակը` ըսելով. «Հայը  լացող եւ աղերսող պիտի չըլլար այլեւս, պիտի չներկայանար միջազգային ատեաններուն` գութ աղաչելու եւ արդարութիւն մուրալու համար,  այլ ինք պիտի յաղթահարէր իր իրաւունքները, պիտի պարտադրէր իր կամքը եւ պիտի ապահովէր մարդավայել կեանք»:

Հայը, մշտապէս հալածուած ու նահատակուած, թող չստրկանայ ու չկքի օտարի լուծին տակ, վերջապէս, տակաւին ազգ ենք: Եւ այնքան ատեն որ հայրենիք ունինք, չենք կրնար անտարբեր մնալ:

Վերջապէս, յիշատակը օրհնեալ ըլլայ մեր ունեցած ու շարունակելի զոհերուն, նահատակներուն, որոնք իրենց անգին արիւնը թափեցին վասն հայրենեաց, պաշտպանելու հողը, ազգը, պատիւն ու եկեղեցին: Փա՛ռք ու պատիւ հայ  քաջարի բանակին ու ազնիւ երիտասարդներուն, որոնք տիւ եւ գիշեր կը փորձեն հայու պատիւը կանգուն ու բարձր պահել:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Կը Պարգեւատրուի Պատրիարքութեան Բարձրագոյն Պարգեւով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?