Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Ուղղակի Դերակատարութեան Աշխուժացումը

Սեպտեմբեր 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ բանակին` Ուքրանիոյ մէջ վերջերս արձանագրած նահանջը` Ազրպէյճանին շնորհեց ՀԱՊԿ-ի անդամ եւ Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ յարձակում գործելու յանդգնութիւն:

ՀԱՊԿ-ն որոշեց յանձնախումբ մը ձեւաւորել, զայն Հայաստան-Ազրպէյճան սահման գործուղել եւ կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի տարածքներուն վրայ յարձակումի հարցը քննարկել այդ յանձնախումբին կողմէ զեկուցումի պատրաստութենէն եւ այդ զեկուցումին անդամ երկիրներու ղեկավարներուն ուղարկումէն ետք…

ՀԱՊԿ-ի իր անդամ եւ ներկայ շրջանին կազմակերպութեան նախագահութիւնը վարող Հայաստանի հողային ամբողջականութեան դէմ կատարուած յարձակումին նկատմամբ ոչ համահունչ, յանձնառութեան ստանձնումէն խուսափումի մասին վկայող թոյլ հակազդեցութիւնը միայն կրնայ թուրք-ազրպէյճանական կողմի ախորժակը յաւելեալ խթանել:

Ահա այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին 17 սեպտեմբերին այցելեց Երեւան, ուր խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի յարձակումը եւ նշեց. «Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարութեան,  եւ մենք դժուար պահերուն հայ ժողովուրդի կողքին ենք, երբ պայքար կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ: Հայաստանը այն վայրն է, ուր մենք կրնանք այս հակասութիւնները ակնառու կերպով տեսնել»:

Նախքան Հայաստան այցելելը` Թայուան այցելած ու Չինաստանի հետ մեծ լարուածութիւն ստեղծած Փելոսին կը թուի վերջերս իր երկիրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ստանձնած ըլլալ եւ կ՛արտայայտէ այն մտքերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը կը մտածէ, սակայն չ՛ուզեր ուղղակի կերպով արտայայտել:

Թերեւս Ուաշինկթընի կարծիքով, այսպէս աւելի ձեռնտու է. բողոք ստանալու պարագային, կարելի է նշել, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանութեան թեւերու անկախութիւն գոյութիւն ունի, եւ գործադիրը չի կրնար իր կարծիքը օրէնսդիր իշխանութեան պարտադրել կամ անոր ազատութիւնը սահմանափակել: Այս բոլորին վրայ, անշուշտ, պէտք է աւելցնել նաեւ քոնկրեսականներուն զուտ ընտրական հաշիւները…

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, իր կարգին, «պիտի շարունակեմ անձամբ զբաղիլ հայ-ազրպէյճանական խնդիրով» յայտարարելէ ետք, հասցէական յայտարարութիւններ կատարեց եւ միջնորդական աշխուժ դիւանագիտական աշխատանքի ձեռնարկեց: 20 սեպտեմբերին անոր միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն` Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը, որուն աւարտին Պլինքըն անոնց կոչ ուղղեց մինչեւ ամսուան վերջը անգամ մը եւս հանդիպելու:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը կ՛աճապարէ` նկատի ունենալով, որ նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին կրնայ ստորագրուիլ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը, որուն բնագիրի պատրաստութեան վրայ կ՛աշխատին հակամարտող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները` մեկնելով պրիւքսելեան վերջին հանդիպումի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ գոյացած համաձայնութենէն, ուստի եւ` անոնց տրուած ցուցմունքէն:

Եթէ Ուաշինկթըն մինչեւ օրս տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տկարացնելու «առաքելութիւնը» վստահած էր Պրիւքսելին, ազրպէյճանական վերջին յարձակումներէն ու ՀԱՊԿ-ի թոյլ հակազդեցութեան լոյսին տակ ու ստեղծած մթնոլորտին մէջ կը թուի, թէ պահը յարմար ու «պտուղը բաւարար հասունցած» կը նկատէ քուլիսներէն դուրս գալով` զայն «իր ձեռքով քաղելու» համար: Պրիւքսելէն ետք այժմ Ուաշինկթըն կը փորձէ խաղաղութեան համաձայնութեան միջնորդի դափնին խլել Մոսկուայէն:

Միւս կողմէ` ամերիկեան կողմի քայլերն ու ՀԱՊԿ-ի «կիսաքայլ»-ը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մղած են` վերադառնալու իրենց արեւմտամէտ արմատներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 20 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կազմակերպած «Ժողովրդավարութեան արդիւնքները» ձեռնարկին ընթացքին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց աջակցելու հայկական ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ` դատապարտելու եւ կանխարգիլելու Հայաստանի դէմ յարձակումը: Այդ կոչը կրկնութիւնն էր Փելոսիի վերոնշեալ «ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ պայքար»-ի վերաբերեալ յայտարարութեան:

Միամիտ պէտք է ըլլալ կարծելու, որ «բռնատիրութեան» վերաբերեալ ակնարկը Ազրպէյճանի մասին է: Անիկա Ռուսիոյ մասին է, եւ, ըստ երեւոյթի, Հայաստանը վերածուած է,  Փելոսիի նշածին նման, «այն վայրը», ուր իր ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ըստ Փելոսիի, «ակնառու կերպով» կ՛երեւի «չարիքի ու բարիքի», «ժողովրդավարութեան ու բռնատիրութեան», «սեւերու եւ սպիտակներու» միջեւ այդ պայքարը:

Մինչ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին յարձակումէն ետք հաստատուած զինադադարը վերագրեց Միացեալ Նահանգներուն, հայկական դիւանագիտութեան պետը 20 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարին հետ` քննարկելով միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութեան հեռանկարները` այդպիսով անուղղակի կերպով ճանչնալով Քոսովոյի անկախութիւնը: Քայլ մը, որ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցոյցերէ եւ հնչած տեսակէտներէն ետք, վստահաբար Քրեմլինը պիտի նկատէ, իբրեւ յաւելեալ, այս անգամ պաշտօնական, եւ այդ ցոյցերուն ու քարոզչութեան իսկական հեղինակներուն ինքնութեան շուրջ կասկածները փարատող հակառուս քայլ մը:

Անշուշտ ասիկա մետասաներորդ պահու քայլ մը չէ. Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան ոլորտէն «անջատելու» ամերիկեան ծրագիրի գործադրութիւնը սկսաւ այն օրէն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի վարչապետը հրաւիրեց 10 դեկտեմբեր 2021-ին Ուաշինկթընի մէջ գումարուած Ժողովրդավարութեան վեհաժողովին:

Յստակ է, որ տարածաշրջանին մէջ թէ այլուր Ռուսիոյ ազդեցութիւնը մեծ յարձակումի ենթակայ է: Կը մնայ տեսնել, թէ Մոսկուան ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ Հայաստանի իշխանութիւններու այս «անջատողական» ընթացքին ու Հայաստանը իր ազդեցութեան ոլորտէն խլելու Ուաշինկթընի փորձին:

 

 

Նախորդը

Փոքր Մհերը Քարայրէն Դուրս Բերելու Ժամանակն Է

Յաջորդը

6 Զաւարեանականներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?