Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սամարքանտի մէջ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, թէ միջազգային որոշ յառաջատար կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը արդիւնաւէտ չէ: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ան օրինակ բերած է 1993 թուականի ՄԱԿ-ի բանաձեւերը, որոնք «կը պահանջէին հայկական զօրքերուն դուրս բերումը Ազրպէյճանի տարածքէն»:
Անոր համաձայն, եթէ ՄԱԿ-ի որոշ բանաձեւեր իրականացուած են քանի մը օրուան ընթացքին, ապա Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող բանաձեւերը 27 տարի չեն կատարուած:
Ալիեւ կրկնած է տարբեր առիթներով իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճան ինք ռազմաքաղաքական ճամբով լուծած է ղարաբաղեան տագնապը եւ ապահոված այդ բանաձեւերուն գործադրութիւնը:


