Երէկ Սամարքանտի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Փութին մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութեան սրման առնչութեամբ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Այսօր բոլորիս շատ կը մտահոգէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութեան սրումը, այդ մասին ձեզի հետ խօսած ենք: Համակարգուած ջանքերը կրցան կասեցնել մագլցումը, սակայն կացութիւնը տակաւին կը շարունակէ լարուած մնալ», ըսած է Փութին, նաեւ տեղեկացուցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր ունեցած զրոյցին մասին:
Ի պատասխան Ալիեւ պնդած է, որ մարտական գործողութիւնները շարունակուած են 8 ժամէն ալ քիչ, սակայն արդէն շուրջ 2 օր է զինադադարը կը պահպանուի, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, որ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Ազրպէյճանը լայնածաւալ մագլցումի մտադրութիւն ունէին:


