Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ո՞վ Կ՛ուզէ Արտաքսուիլ, Դուրս Նետուիլ…

March 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, ո՞ր մարդը կ՛ուզէ արտաքսուիլ եւ դուրս նետուիլ… Անկասկած, ո՛չ մէկը:

Մեծ պահքի երկրորդ կիրակիին ծիսակարգային անունն է.«Արտաքսումն Ադամայ ի դրախտէն»: Շնորհքին մէջ ու շնորհքին համար ստեղծուած, բայց մերժուած նախամարդուն դէպքին յիշեցումն է այսօր:

Ս. Գրքին համաձայն, Ադամ ու Եւա, մարդկութեան նախածնողքը, արտաքսուեցան դրախտային եդեմէն, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ հրահանգին:

Բոլորս գիտենք պատմութիւնը, զոր կրնաս թարմացնել` կարդալով Աստուածաշունչին մէջ (Ծն. 3,1-24): Խնդիրը «բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պտուղը», կամ ժողովրդական բառով` «խնձորը» ուտելու կամ չուտելու մասին չէ այնքան, որքան Արարիչին պայմանը յարգելու, խօսքին անսալու եւ առաջնորդութեան վստահելու հիմնահարցն է:

Ստեղծողին պայմանը յստակ է: Տիրոջ խօսքն անյետսկոչելի է: Նախախնամութեան առաջնորդութիւնը ստոյգ է: Եւ սակայն, երէկ անտեսուեցան Ադամէն ու Եւայէն: Նոյնպէս այսօր կ՛անտեսուին մարդերէն, որոնք կը մոռնան, թէ երբ գիտեն անտեսել, նաեւ պէտք է գիտնան անտեսուիլ…

Նախահայրն ու նախամայրը շատ շուտ հասկցան, թէ սխալած էին իրենց ընտրանքին մէջ, բայց մարդեր չեն ուզեր հասկնալ եւ տեսնել իրենց ընթացած սխալ ճամբան:

Նախահայրն ու նախամայրը ամչցան եւ պահուըտեցան, սակայն մարդեր ոչ միայն մոռցած են ամօթխածութիւնը, այլ նաեւ կորսնցուցած են յանցապարտութեան թէ՛ զգացողութիւնը եւ թէ՛ զգայութիւնը, բայց մանաւանդ կը պարծենան իրենց «անմե՛ղ եմ» կամ «մեղք չունիմ» անառակութեամբ:

Անշուշտ, այսօր ալ գովելի բացառութիւններ կան, եւ կարծուածէն շատ աւելի մեծ է քանակը, որակն անոնց, որոնք կը յարգեն Արարիչին պայմանը, կ՛անսան Տիրոջ խօսքին եւ կ՛ապաւինին աստուածային Նախախնամութեան:

Ճիշդ է, որ յոռետես անձ մը չեմ, բայց քանի կիրակնօրեայ խօսքն արտաքսուածներու, արտաքսուողներու եւ արտաքսուելիքներու մասին է, պարտադրուած եմ մատնանշելու թէ՛ որոշ ճշմարտութիւններ ու թէ՛ որոշ ժխտական իրողութիւններ` պարզապէս մարդը սիրելէս եւ այսպիսի մարդերու թիւը նուազագոյնին իջեցնելու մտահոգուելէս:

Լաւատեսութեանս եւ աշխատանքիս առաջին զուլալ աղբիւրն է, անտարակոյս, Ս. Գիրքն է, որմէ կարդացուած կիրակնօրեայ աւետարանին (Մտթ. 5,17-30) մէջ Յիսուս Քրիստոս, որ մարդկութեան Վարդապետը եւ Դաստիարակն է անմրցելի, կը յորդորէ մեզ ըլլալու օրինասէր ու պատուիրանապահ, որպէսզի դառնանք «մեծ երկնքի արքայութեան մէջ»:

Ուշադրութի՛ւն, «երկնքի արքայութեան մէջ» մեծութիւնը կը շահուի հոս, այս երկրին վրայ` մեր օրինասիրութեամբ ու պատուիրանապահութեամբ…

Յիսուս կը շարունակէ իր խօսքը` մեզի հրահանգելով մեղմութիւն եւ ազնուութիւն ընկերոջ հանդէպ, որպէսզի պարտաւոր չըլլանք դատաստանին:

Մեր աղօթքէն ու պատարագէն առաջ` պարտինք ջնջել ոխը եւ քէնը մեր մտքէն ու սրտէն: Միայն «եղբօրդ հետ» հաշտուելէդ յետոյ` կրնաս դառնալ աղօթքիդ ու պատարագիդ:

Փնտռելու ես համաձայնութիւնը նոյնիսկ «թշնամիիդ հետ», որուն համար պիտի աղօթես, քանի պարտաւոր ես սիրել զինք (Մտթ. 5,44):

Աստուծոյ տասնաբանեային վեցերորդ պատուիրանին հասնելով` Քրիստոս իր խօսքն շեշտակի կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր մարդու, երբ կը գործածէ Հրամայական Եղանակին եզակի ժխտական երկրորդ դէմքը.«Մի՛ շնանար»: Ո՛չ աչքովդ, ո՛չ մտքովդ, ո՛չ բերանովդ, ո՛չ սրտիդ եւ ո՛չ գործիդ մէջ, որպէս զի հոգիդ ու մարմինդ չգահավիժին «գեհենին մէջ»:

Լաւատեսութեանս եւ աշխատանքիս երկրորդ ջինջ ակն է հայկական շարականը, որ յոյս ու վստահութիւն կը ներշնչէ մեղաւորներուս` մեր Փրկչին միջոցով դառնալու արժանիներ եւ արժանաւորներ երկնային դրախտին…: Փրկուիլ եւ եդեմական ըլլալ փափաքողներուն օգնութեան կը հասնի Մարիամ Սիրամայրը, քանի ինքն է Փրկչակիցը մարդկութեան:

Օրինապահութեամբ ու լաւատեսութեամբ` հայ շարակնոցէն հայցենք եւ ըմբոշխնենք «Արտաքսման կիրակի»-ին կանոնին այս առաջին օրհներգութեամբ.

«Սուրբ պահքին օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր,
զոր նախաստեղծները չպահելով պտուղին ճաշակումով`
ճաշակեցին մեղքին եւ մահուան դառնութիւնը.
ուստի, ո՜վ Տէր, շնորհէ՛ մեզի ճաշակել պատուիրաններուդ քաղցրութիւնը:

Մեղքերու զանազան վէրքերով մեր հոգիները զարնուեցան թշնամիէն,
եւ մեր բազմատեսակ հիւանդութիւններուն մէջ կարօտցանք Մարդասէրիդ`
մեր ցաւերը փարատելու համար.
ուստի, ո՜վ Քրիստոս, բժշկէ՛ մեզ որպէս Մարդասէր:

Մարիամ Կոյսէն ծննդովդ` Դուն եկար փրկելու մարդերը
եւ կենդանարար յարութեամբդ`
Դուն հրաւիրեցիր մահկանացուներս անմահական յարութեան.
ուստի, ո՜վ Փրկիչ, փրկէ՛ մեզ Քու Մօրդ աղաչանքով:

Կը խնդրենք, ո՜վ Տէր, մեզի խմցո՛ւր Քու սիրոյդ ուրախարար բաժակը:

Մարիամ, ո՜վ Աստուածամայր, բարեխօսէ՛ … եւ աղաչէ՛ Միածին Որդիիդ»:

 

Այնճար, 29 Փետրուար  2012 

 

 

Նախորդը

Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութիւն Մամլոյ Լուսանկարիչներու Սենտիքային Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Նոր Կոչումներ Եւ Նշանակումներ` Հայ Պաշտօնատարներու

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.