ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 107-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 83-ԱՄԵԱԿ
- Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2022
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
- Ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2022
– ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ, կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ:
– ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:
- Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022
– ՄՏԱՅՂԱՑՔԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏի կենդանի կատարումներ, կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գիւղի արուեստագէտներուն, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Դալար անկիւն»-ին մէջ:
– ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կողքին:
- Կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՇԽՈՒՄ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————
—————————————
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏՆՕՐԷՆԻ ԿԱՐԻՔ
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը, որ կը տանի խնամատարական եւ ընկերային բարգաւաճման գործունէութիւն, կարիքը ունի տնօրէն/տնօրէնուհիի մը:
Ենթական պէտք է ըլլայ համալսարանաւարտ, մասնագիտացած` վարչական-հաշուապահական գործառնութիւններու (Administration, Business and Management) աշխատանքներու մարզին մէջ:
Թեկնածուն պէտք է`
ա.- ըլլայ նախընտրաբար լիբանանահպատակ,
բ.- ունենայ առնուազն հինգ տարուան վարչագիտական-հաշուապահական աշխատանքային փորձառութիւն եւ ծանօթութիւն ու հետաքրքրութիւն` ընկերային-բարեսիրական կառոյցներով,
գ.- ըլլայ քաջածանօթ անգլերէն, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներուն,
դ.- ըլլայ հաղորդական եւ հետաքրքրուած` հանրային բարօրութեան ձգտող ծրագիրներով:
Ամբողջական պաշտօնական գործի սահմանումը եւ դիմում ղրկելու տեղեկութիւնը անգլերէնով կարելի է ներբեռնել/իջեցնել` գործածելով հետեւեալ յղումը`
https://www.jinishian-lb.org/vacancies/
Յարմարագոյն թեկնածուներուն հետ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
520 քառ. մեթր հողաշերտ, Երեւանի մէջ` Նոր Կիւրինի շրջան, գեղատեսիլ դիրք, դիմել` պրն. Վաչէին: Հեռ. 71-306026:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 20-էն 25 տարեկան:
Դիմել հեռ. 03-628077, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00:


