Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ժիրայր Շաղոյեան նախորդ շաբաթավերջին միացաւ Սոֆիայի բանակայիններուն` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ան Պուլկարիոյ ամէնէն աւելի տիտղոսակիր ակումբին միացաւ Երեւանի Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբէն:
2022-2023 տարեշրջանին ան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 6 մրցումի, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:


