Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին փոխախոյեանը` Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Թորինոն, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը:
Մրցումին աւարտէն վայրկեան մը առաջ միայն, խրուաթ միջնապահ Մարսելօ Պրոզովիչ նշանակեց հռոմեան կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր Ինթերի կողմէ, դաշտ ներկայացաւ 76-րդ վայրկեանին:
Ինթեր, որ ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, այժմ ունի 12 կէտ:
14-ական կէտ ունին Նափոլի, Աթալանթա եւ Ա. Սէ. Միլան:


