Չելիապինսքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Իկոր Քուրնոսովի յիշատակին նուիրուած արագ ճատրակի յուշամրցաշարքը նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Յարութիւնեանի յաղթանակով, որ առաւելագոյն 11 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով դարձաւ տիտղոսակիր:
Նշենք, որ Յարութիւնեան, որ առաջին ութ հանգրուանի ճակատումներուն արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, պարգեւատրուեցաւ 160 հազար ռուպլիով:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Էրիկ Գասպարեան, 205 մասնակիցներուն մէջ 6,5 կէտով հանդիսացաւ 58-րդ, Էրիկ Չաքըրեան 6 կէտով` 84-րդ, նոյնքան կէտով 87-րդ` Սարգիս Մանուկեան, իսկ Հայկ Երիցեան 5,5 կէտով` 123-րդ:


