Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն, որ հիւրընկալեց Փոզնանը անոր հետ արձանագրեց բաւական դժուար` 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմը պարտութենէ մը փրկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+8-րդ) անոր մէկ մարզիկը նշանակեց խումբին փրկարար` հաւասարութեան կոլը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին 23 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան Փոկոնի կազմէն դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին:


