Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քէօլն, որ հիւրընկալեց Իւնիոն Պերլինը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երբ հիւրընկալ կազմին մէկ մարզիկը իր բերդին մէջ սխալմամբ նշանակեց կոլ մը` 4-րդ վայրկեանին:
Այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ Քէօլնի հետ դաշտ ներկայացաւ 85-րդ վայրկեանին:
6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Քէօլն ապահոված է 9 կէտ` առաւելագոյն 18 կէտէն:


