Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Պրեսթը, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 1-0 արդիւնքով:
Մայրաքաղաքի կազմին այս յաղթանակը կերտեց պրազիլզի Նէյմար` 30-րդ վայրկեանին:
Նշանակուած այս կոլին փոխանցումը կատարեց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ այսպիսով կատարեց այս տարեշրջանի իր 7-րդ էսիսթը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ անիկա 19 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Մարսէյը, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիլը:


