Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին գերազանցեց Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հաստատած մրցանիշը (2009), երբ ան մաս կը կազմէր Ռէալ Մատրիտին:
«Լա Լիկա»-ի բացման վեց հանգրուանի մրցումներուն, այսպիսով Լեւանտովսքի նշանակեց նոյնքան կոլ, մինչ Ռոնալտօ` հինգ հանգրուանի մրցումներուն:
Այս հանգրուանին, Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քատիսի դաշտէն:
Անիկա այժմ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` երկու կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտէն, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Մայորքային:
Նշենք, որ Լեւանտովսքի այս ամրան ընթացքին Պայէրն Միւնիխէն միացաւ Պարսելոնային:


