Երէկ` կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մոնզայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
«Ռետ-Պուլ» խումբին մաս կազմող նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, արձանագրելով 1 ժամ 20 վայրկեան 27 երկվայրկեան արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերք (Մոնաքօ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես»):
Տարեշրջանին այս 16-րդ հանգրուանի կրան փրիէն ետք (աւարտին մնացած է վեց հանգրուան), այժմ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի նոյնինքն Վերսթափեն, որ ապահոված է 335 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Լեքլերք (219 կէտ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` «Ռետ-Պուլ»-ի մեքսիքացի վարորդ Սերճիօ Փերեզ (210 կէտ):
Յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 2 հոկտեմբերին` Սինկափուրի մէջ:


