Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով նշեց. «Կը հետեւինք Միացեալ Նահանգներու հետ յարձակողական զէնքերու շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու վերաբերեալ կարգ մը նշաններուն, սակայն անոնց յետին նպատակը տակաւին յստակ չէ, եւ բանակցութիւնները ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու ճամբով չեն ըլլար»: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութեան շուրջ կանխատեսում կատարելը, մանաւանդ երբ զայն խզողը ամերիկացիներն են, անօգուտ առաքելութիւն է` նկատի ունենալով Ուաշինկթընի` Ռուսիոյ դէմ եղող քաղաքականութիւնը», յայտնեց Ռիապքով:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 28 յուլիսին Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական կայունութեան շուրջ խորհրդակցութիւններէ ետք յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է զինեալ տագնապի վտանգներն ու հիւլէական պատերազմի վտանգը նուազեցնելուն:
Յիշեցննեք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 16 յունիս 2021-ին Ժընեւի մէջ Պայտընի նախագահի պաշտօնի ստանձնումէն ետք իրենց առաջին ժողովը գումարած էին: Երկու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած էին, որ որոշած են ընթացք տալ ռազմավարական կայունութեան շուրջ երկկողմանի երկխօսութեան, որ խորքային ու եռանդուն պիտի ըլլայ` ընդգծելով, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կառչած են հիւլէական պատերազմի ծագումը կանխարգիլելու կարեւորութեան:


