Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն տարի, ամրան հետ կը վերադառնան անկոչ հիւրեր` մժեղները: Անոնց «պզզզ»-ոցը կը նեղացնէ, խայթոցը քերուըտուք կը յառաջացնէ, եւ անոնք կրնան նոյնիսկ մեզի հիւանդութիւններ փոխանցել: Սակայն մեզի անհանգստութիւն պատճառելու կողքին, ինչի՞ կրնան ծառայել մժեղները:
Անշուշտ առանց մժեղներու կեանք մը երջանիկ պիտի ըլլար մեզի համար: Ո՛չ մէկ «պզզոց», ո՛չ մէկ խայթոց եւ յատկապէս` մժեղներու խայթոցներուն պատճառով յառաջացած վտանգաւոր հիւանդութիւններ, որոնք ամէն տարի հարիւր հազարաւոր անձերու մահուան պատճառ կը դառնան:
Սակայն արդեօք կարելի՞ է մժեղներէն ձերբազատիլ: Մժեղները աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին շատ աւելի հին ժամանակներէ, քան` մարդ արարածը: Ժամանակի ընթացքին անոնք յարմարած են իրենց միջավայրին: Այս ձեւով, օրինակի համար, որոնք շատ կը սիրեն քաղաքները: Հոն անոնք կրնան գտնել ուտելիք եւ ջուրի պահեստներ, ուր կրնան իրենց հաւկիթները ածել: Անիմաստ է փորձել զանոնք սատկեցնել յատուկ դեղերով. ժամանակի ընթացքին անոնք կը գտնեն միջոցը անոնց դիմանալու:
Ամէնէն լաւ միջոցը պայօտայվըրսիրին` կենսաբազմազանութիւնը զարգացնել, որովհետեւ կան անասուններու բազմաթիւ տեսակներ, զորս շատ կը սիրեն մժեղները, գորտերը, չղջիկները, թռչունները… Չմոռնանք նաեւ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող տեսակ բացարձակապէս կարելի չէ բնաջնջել: Նոյնիսկ եթէ այդ մժեղը մեզ կը նեղացնէ, ան իր դերը ունի կատարելիք բնութեան մէջ:
Սակայն, մժեղներու պարագային, գիտնականները տարբեր գաղափարներ ունին: Ճիշդ է, որ մժեղները իբրեւ ուտելիք կը ծառայեն անասուններու բազմաթիւ տեսակներու, սակայն առանց մժեղներուն` այդ անասունները ուրիշ ուտելիք կրնան գտնել: Մժեղը կը մասնակցի նաեւ բոյսերը բեղմնափոշիով բեղմնաւորման գործողութեան… բայց ո՛չ այնքան, որքան` ճանճերը: Առնուազն գոյութիւն ունի կէտ մը, որուն համար կարելի է շնորհակալ ըլլալ մժեղներուն… Անոր խայթելու ձեւը ուսումնասիրելով, որ գիտնականները հնարած են նուազ ցաւցնող ասեղ մը:
Հարցարան
Անասուններու Մասին
1) Քանի՞ տարի կրնայ ապրիլ արջը: ա-15 տարի, բ-25 տարի, գ-35 տարի:
2) Քանի՞ մեթրի կրնան հասնիլ սիրամարգին ամէնէն երկար փետուրները:
ա-1 մեթր, բ-1.50 մեթր, գ-2 մեթր:
3) Ի՞նչ արագութեամբ կրնայ լողալ գայլաձուկը:
ա-ժամական 40 քմ, բ- ժամական 50 քմ, գ-ժամական 60 քմ:
4) Քանի՞ թռչունի տեսակներ ծանօթ են մեզի
ա- մօտաւորապէս 8700, բ-մօտաւորապէս 9700, գ-մօտաւորապէս 10500:
5) Ըստ քեզի, քանի՞ մեթր բարձրութեամբ ագեվազը կրնայ ցատկել:
ա-7 մեթր, բ-8 մեթր, գ-10 մեթր:
6) Շերեփագիին մենք կրնանք հանդիպիլ յատկապէս`
ա-Ջուրին եզերքը, բ-Անտառին մէջ, գ-Լեռնային շրջանները:
7) Ինչո՞ւ սարդը ոստայնը կը շինէ:
ա-Հանգչելու համար, բ-Որսը բռնելու համար, գ- Տեղափոխուելու համար:
8) Ո՞ր թռչունը կրնայ ուտել թռչելու ժամանակ
ա-Մեղրահաւը, բ-Սարեակը, գ-Ծիծեռնակը:
9) Միջին հաշուով որքա՞ն կը կշռէ ջայլամին հաւկիթը:
ա-1,5 քիլօ, բ-1 քիլօ, գ-2 քիլօ:
10) Անաքոնտա աշխարհի ամէնէն մեծ օձն է: Անոր երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մօտաւորապէս:
ա-4 մեթրի, բ-10 մեթրի, գ-18 մեթրի:
11) Տարուան ընթացքին հաւը քանի՞ հաւկիթ կրնայ ածել:
ա-250-300 հաւկիթ, բ-100-120 հաւկիթ, գ-365 հաւկիթ:
12) Ե՞րբ եղջերուն կը կորսնցնէ իր կոտոշները:
ա-Բնաւ, բ-Իր կեանքին ընթացքին քանի մը անգամ, գ-Ամէն տարի, գարնան:
13) Որքա՞ն է ընձուղտին ձագուկին հասակը ծնունդին:
ա-50 մ, բ-1 մ, գ-2 մ:
14) Կապոյտ կէտը ծնունդ կու տայ ամէնէն մեծ ձագուկ անասունին: Որքա՞ն է կէտին ձագուկին հասակը ծնունդին:
ա-7 մ, բ-10 մ, գ-13 մ:
15) Ուղտը կրնայ սապատին մէջ առանց ջուրի ապրիլ քանի մը օր: Քանի՞ լիթր ջուր կրնայ անիկա մէկ անգամով խմել իր ջուրի պահեստը ամբողջովին լեցնելու համար:
ա-12 լիթր, բ-62 լիթր, գ-180 լիթր:
16) Ո՞ւր կ՛ապրի բեւեռային արջը:
ա-Հիւսիսային բեւեռ, բ- Հարաւային բեւեռ, գ-Երկու բեւեռներուն մէջ:
17) Ի՞նչ իւրայատկութիւն ունին գետնառիւծին աչքերը:
ա- Անոնք կրնան իրարմէ անկախ շարժիլ, բ-Անոնք կրնան գունաւոր տեսնել, գ- Անոնք կրնան տեսնել աւելի քան 200 մեթր հեռու:
18) Մօտաւորապէս քանի՞ վագր մնացած է մեր մոլորակին վրայ:
ա-500-1000, բ-5000-7500, գ-10.000-20.000:
19) Քանի բառ կրնայ սորվիլ շեմփանզէն, ա-10 բառ, բ-100 բառ, գ-300 բառ:
20) Բուերը ունին մեծ ու անշարժ աչքեր: Անոնք քանի՞ աստիճան կրնան գլուխնին դարձնել կողմերը տեսնելու համար.
ա-90 աստիճան, բ-180 աստիճան, գ-360 աստիճան:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Մտածենք
Կենդանաբանական Պարտէզ
Շաբաթ կէսօրէ ետք չորս ընկերներ այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ: Իւրաքանչիւր պատանի հագուած էր տարբեր գոյնով շապիկ մը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը անմիջապէս ուղղուեցաւ իր նախասիրած անասունին վայրը:
Բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր պատանի ի՛նչ գոյնի շապիկ հագուած է, եւ` անոր նախասիրած անասունը:
1.- Պատանիներէն մէկը հագած էր իր նախասիրած անասունին գոյնին մօտ գոյնով շապիկ մը:
2.- Սեւանը կարմիր գոյնով շապիկ չէր հագած, ան ուղղուեցաւ աւստրալիական պարտէզին կողմը: Մինչ Անին, որ չայցելեց առիւծներուն, հագած էր դեղին գոյնի շապիկ մը:
3.- Անտառին թագաւորին այցելելու ընթացքին Վաչէն տեսաւ կարմիր շապիկ հագած աղջիկը կապիկներուն վանդակին մօտ:
4.- Պետիկը, որ փիղերը չի սիրեր, լսեց մանիշակագոյն շապիկ հագած մանչը, որ կը մռնչար:
5.- Կապիկներուն այցելելու ընթացքին Ալինը անցաւ Սեւանին քովէն, ան հագած էր սեւ շապիկ մը:
Ժամանց




Հարցարանին Պատասխանները
1-գ, 2-բ, 3-ա, 4-ա, 5-բ, 6-ա, 7-բ, 8-ա, 9-ա, 10-բ, 11-ա, 12-գ, 13-գ, 14-ա, 15-գ, 16-ա, 17-ա, 18-բ, 19-գ, 20-ա:


