Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, հնդիկ Արճուն Էրիկայիսիի յաղթանակով աւարտեցաւ Ապու Տապիի Մասթըրզի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ, միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ուզպեք Ճավոխիր Սինտարով (7 կէտ):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ 6,5 կէտով բաժնեց 3-11-րդ դիրքերը:
Ան լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Իսկ Մանուէլ Պետրոսեան 6 կէտով գրաւեց 22-րդ դիրքը:


