Հայաստանը ներկայացնող Քերի Շոփֆ (Աղաջանեան), Դանիոյ Հեռնինկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ձիավարութեան ախոյեանութեան գեղավարքի մրցումներուն իր արձանագրած արդիւնքներուն շնորհիւ կը շարունակէ իր պայքարը` 2024-ի ամառնային ողիպիական խաղերուն տոմս մը ապահովելու համար:
Ամերիկաբնակ հայուհին ցարդ իր ապահոված 66.289 կէտերուն շնորհիւ կը գրաւէ 75-րդ դիրքը:
Հայաստանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նորայր Ստեփանեան յայտնեց, որ զտումի մրցումներուն ան իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ բաւական կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ողիմպիական խաղերը:
Նշենք, որ Շոփֆ արդէն իսկ տասը տարիէ ի վեր կը ներկայացնէ Հայաստանը:


