Կը դիտենք հայրենիքի վիճակը հեռուէն
Կարծես ան ըլլար ճնշիչ մղձաւանջ.
Յորդող դժբախտութիւն ու տառապանք,
Ի վերջոյ` կարճատեւ ու երեւակայական:
Ցաւով կը դիտենք, կը դիտենք երկար ժամանակ,
Սակայն ինչպէս ալ դիտենք` կացութիւնը չի բարելաւուիր,
Այնքան ատեն որ անշարժ պառկած ենք
Ու կը սպասենք, որ յաջորդ պատկերը յայտնուի:
Ի՞նչ պէտք է պատահի, որ ուշքի գանք.
Մեր սեփական զաւա՞կը պէտք է զոհուի, որ զգաստանանք,
Թշնամին մե՞զ պէտք է սպառնայ, որ հարցին վրայ կեդրոնանանք,
Անպայման պէտք է մե՞ր տունը մոխրանայ, որ ըմբոստանանք:
Ինչի՞ կը սպասենք, որ արթննանք. չունինք պատասխան.
Նոյնիսկ չենք մտածած հարցին խորքը այդքան:
Իսկ կ’ամչնանք ընդունելու յստակ աւարտը պատմութեան,
Որովհետեւ մեր ծուլութիւնն է մղիչ ուժը այդ պարտութեան:
Նժդեհ այսպէ՞ս պաշտպանեց Սիւնիքը թուրքէն,
Արամ այսպէ՞ս խնամեց վերապրողները ջարդէն:
Կարելի՞ է անշարժութեամբ փրկել Արցախը.
Չէ՜, այդպէս լոկ կը յառաջացնենք ազգին վախճանը:
Մենք քնացած ենք ու դեռ կը քնանանք.
Արդեօք ե՞րբ բոլորս պիտ՛ անդրադառնանք
Թէ այս մղձաւանջ մը չէ անիմաստ ու անցողական,
Այլ փոփոխելի իրականութիւն` հետեւանքով վերջնական:



