Հայաստանի Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, անկուսակցական Թագուհի Թովմասեան կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը արձագանգած է Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իր գրութիւններուն:
«Լաչինի միջանցքին շուրջ կացութիւնը պէտք է լուծուի Եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին հիմամբ: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը արձագանգած է իմ գրութիւններուս
«(…) Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունէն ստացած եմ գրութիւն, որուն համաձայն, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր հարց է: «Կը փափաքէինք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 4 օգոստոսի յայտարարութեան վրայ` Ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ կացութեան սրման վերաբերեալ: Նախարարութիւնը 2 կողմերուն կոչ ուղղեց զսպուածութիւն դրսեւորելու, կրակոցի դադրեցման դրութիւնը պահպանելու եւ հաստատեց լուծման անհրաժեշտութիւնը` համապատասխան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի յայտարարութիւններուն: (…) Ռուս խաղաղապահները կը ձեռնարկեն բոլոր կարելի ջանքերը «ցամաքի վրայ» կացութեան կայունացման նպատակով: Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ բազմիցս ընդգծուած է ռուսական խաղաղապահ զօրամասի կարեւոր դերը: Համոզուած ենք, որ այդ վստահութեան լիարժէքօրէն արժանի ենք: Պատրաստ ենք այսուհետեւ եւս ցուցաբերելու որեւէ անհրաժեշտ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կապերու կարգաւորման», կը նշուի դեսպանատան արձագանգին մէջ:
«Այլ գրութեամբ մը Ռուսիոյ գործընկերներուս ուշադրութիւնը հրաւիրած էի Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս բնակավայրերու յանձնման հոլովոյթին վրայ: Հաշուուած օրեր մնացած են, որ հայկական բնակավայրերը յանձնուին Ազրպէյճանին: Եւ որքան կը մօտենանք Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ համայն հայութեան պարտադրուած այս ամօթալի իրականութեան, ապագայի տեսլականը առաւել եւս անորոշ կը դառնայ: Իմ նամակովս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին ներկայացուցած էի գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր գործընկերներուս մտահոգութիւնները, որ մարդկային, թեքնիք եւ փոխադրամիջոցային ներուժները բաւարար չեն տարհանման հոլովոյթի` ժամանակին իրականացման համար: Խնդրած էի օժանդակել նշուած բնակավայրերու յանձնման ժամկէտի երկարաձգման հարցին:
«Ռուսիոյ դեսպանատունը պատասխան գրութեան մէջ կը յայտնէ, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ կացութիւնը պիտի լուծուի Եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին հիման վրայ: Յիշեցնեմ` Ռուսիոյ դեսպանատան մատնանշած 6-րդ կէտին համաձայն, կողմերու համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր ճամբու կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի` այդ ճամբան պաշտպանելու համար: Դատելով նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնիովի յայտարարութենէն, թէ «Ռուս խաղաղապահները ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի տեղաշարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, այնքան ատեն որ տակաւին նոր ճամբան չէ շահագործուած, կարելի է ենթադրել, որ այս մասով եւս տակաւին ամէն ինչ յստակ չէ. ի վերջոյ նշուած 3 տարուան ժամկէտի աւարտին տակաւին աւելի քան 1 տարի ալ մնացած է:
«Ռուսիոյ դեսպանատունէն կ՛աւելցնեն, որ իրենց գրութեամբ նշուած բոլոր նիւթերուն շուրջ կը կատարուին շահագրգիռ կողմերու քննարկումներ: Անոնց նպատակն է հասնիլ բոլորը բաւարարող համաձայնութեան, որպէսզի կեանքի կոչուի Եռակողմ յայտարարութիւնը: «Այդ նպատակով մենք մնայուն երկխօսութեան մէջ ենք հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու հետ թէ՛ բարձրագոյն, թէ՛ ալ Ռուսիոյ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններու մակարդակով: 2 եւ 8 օգոստոսին կայացած են Ռուսիոյ նախագահ Վ.Վ.Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Ն.Վ.Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցները: Հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ հաղորդակցութիւններ կատարած են Ս.Վ.Լաւրովը եւ Ս.Կ.Շոյկուն: Խնդիրի զգայնութիւնը հաշուի առնելով` քննարկումներու մանրամասնութիւնները չհրապարակուեցան, բայց եւ այնպէս նման զրոյցները կը նկատուին լուծման կարեւոր եւ գործուն գործիք»: