Պաշտօնական յայտարարութեան մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Քազիմերօ տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Արքայական ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց 30 տարեկան ֆութպոլիստին եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` իր նոր ակումբին հետ:
2013-ին, երբ ան 20 տարեկան էր, միացաւ Ռէալ Մատրիտին. ան իր ակումբին հետ տիրացաւ 18 տարբեր տեսակի տիտղոսներու:
Նշենք, որ երէկ` կիրակի, 21 օգոստոսին ան կատարեց իր հրաժեշտի մրցումը` մայրաքաղաքի կազմին հետ:


