Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնեց, որ սնունդի ապահովութեան համաշխարհային տագնապի լուծման նպատակով ամերիկեան կառավարութեան կողմէ յատկացուելիք 2,76 միլիառ տոլարին մէկ մասը` 29,5 միլիոն տոլար, «Եու. էս. էյտ» կազմակերպութեան կողմէ պիտի տրամադրուի Լիբանանին:
Այդ գումարը պիտի բաժնուի երկու մասերու` 15 միլիոն տոլարը պիտի տրամադրուի իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն, իսկ 14,5 միլիոն տոլարը` իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն:
Ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մինչ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի, Լիբանանի մէջ համեստ դասակարգին կողմէ գնելու կարողութիւնը կը նուազի, մինչդեռ սնունդի հիմնական տեսականին եւ վառելանիւթը հետզհետէ կը սղին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այս կացութիւնը աւելի եւս բարդացաւ Ուքրանիոյ վրայ կատարուած ռուսական յարձակումով, որ իր կարգին ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Լիբանանի ներածած ցորենին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաստատեց, որ «Եու. էս. էյտ»-ի տրամադրած 15 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի ՄԱԿ-ի սնունդի ծրագիրին ընդմէջէն, եւ անկէ պիտի օգտուին 300 հազար լիբանանցիներ, որոնք ամէնէն աւելի աղքատ քաղաքացիները կը նկատուին: «Այդ ընտանիքներուն ամսական դրութեամբ օժանդակութեան տուփեր պիտի բաշխուին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2022-ին «Եու. էս. էյտ»-ի միջոցով Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւնները հասած են 125 միլիոն տոլարի, որոնցմէ 119 միլիոն տոլարը` սննդեղէնի ապահովութեան:
Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ մնացեալ 14,5 միլիոն տոլարը տնտեսական օժանդակութեան պիտի ծառայէ` նպաստելով բանջարեղէն ցանող երկրագործներուն, ինչպէս նաեւ ընդեղէնի եւ կաթնեղէնի արտադրութեան:


