Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Կ՛ուղղուին Դէպի Վերջնական Փուլ, Ցորենի Շտեմարանին Հիմնասիւները Որեւէ Ատեն Կրնան Փուլ Գալ

August 22, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները կ՛ուղղուին դէպի վերջնական փուլ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւները կը շարունակեն մխալ եւ անոնց միջեւ ճեղքերը աւելի կը խորանան` հաստատելով այն իրողութիւնը, որ անոնք որեւէ ատեն կրնան փուլ գալ:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան համաձայն, լիբանանեան վստահելի աղբիւրներ հաստատած են, որ ծովային սահմանագծումը պիտի կատարուի:

«Սփութնիք» հաղորդած է, թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ շատ մօտ են սահմանագծում կատարելու:

Նշուած է նաեւ, որ անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն Իսրայէլի կողմէ դրական պատասխան մը պիտի յանձնէ Լիբանանի առաջարկին:

Նոյն աղբիւրը հաղորդեց, որ Հոքշթայնի Լիբանան այցելութիւնը մօտալուտ է, իսկ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ծովային սահմանագծումի թղթածրարը պիտի վերջնականանայ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են եւ այդ իրավիճակը յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի մնայ նոյնը:

«Մայատին», իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլեան աղբիւրներէն, կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ուժերուն պատրաստ վիճակին պատճառը այն է, որ Իսրայէլ մտահոգ է, թէ ծովային սահմանագծումի նախօրեակին Հըզպալլա կրնայ յարձակում մը սանձազերծել:

Նշենք նաեւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ 2006-ի եւ 2017-ի պատերազմներուն արձանագրուած յաղթանակներուն նուիրուած տօնակատարութեան մը ընթացքին:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան իմաստով ջանքերը ընթացքի մէջ են, սակայն լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:

Իսկ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը 20 հազար լ. ոսկիի վերածելու որոշումին ունենալիք հետեւանքներուն անդրադառնալով` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ նման որոշումի պարագային շուկային մէջ գտնուող արտադրութիւնները 20-30 առ հարիւրի բարձրացում մը պիտի արձանագրեն:

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Ո՛չ Խորհրդանիշ Կայ Եւ Ո՛չ Ալ Լիբանանեան Միասնականութիւն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Մասիսի Քաղաքապետարան Ներխուժած Քաղաքացին, Ըստ Ոստիկանութեան, Ինքնասպան Եղած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.