Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 8րդ Թիւը

August 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն իսկ համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ թիւը` օգոստոսի:

Անոր մէջ տեղադրուած յօդուածները անդրադարձ կը կատարեն Հայաստանի ներքաղաքական հիմնահարցերուն, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական վերջին շրջանի կարեւոր գործընթացներուն: «Դրօշակ»-ի առաջնորդող գրութեամբ լուսարձակի տակ կ՛առնուին անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ աւանդական քաղաքական կողմնորոշումներու փոփոխութեան, ազգային շահերէն նահանջի եւ թրքամէտ քաղաքական գիծի ներդրման գործընթացներուն եւ այս երեւոյթին առնչուող հարցեր:

Վարդան Յակոբեանի «Ֆրանսիայի հրապարակը կլոպալիզմի յորձանուտում» յօդուածը կը քննէ ողջ աշխարհով յաղթարշաւը շարունակող համաշխարհայնացման յեղափոխութիւններու երեւոյթը, որոնք ոչ միայն արժէքներ ու բարոյական սկզբունքներ կը խորտակեն, այլ նաեւ գերուժերու համար գործիք կը ծառայեն պետութիւններ ու հասարակութիւններ կործանելու, հակամարտութիւններ հրահրելու, ազդեցութեան դաշտերը վերահաստատելու եւ ընդլայնելու համար: Այս ընդհանուր խորապատկերի վրայ հեղինակը կը դիտարկէ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ներկայիս տեղի ունեցող մտահոգիչ գործընթացները, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ վարկածներ` հաւանական զարգացումներու վերաբերեալ:

«Դրօշակ»-ի հեղինակները կ՛անդրադառնան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու Աստանա¬ի ձեւաչափով հանդիպման, ինչպէս նաեւ` անոր հետեւած Սոչիի Փութին-Էրտողան բանակցութիւններուն: Տարածաշրջանային խնդիրներու մասնագէտները կը լուսաբանեն այս հանդիպումներուն ժամանակ քննարկուած թնճուկները եւ կը փորձեն պարզաբանել բանակցութիւններու խորքային հարցերը: Ուշագրաւ վերլուծութիւն կը ներկայացնէ իրանագէտ Նարէ Գէորգեանը, որուն յօդուածին նիւթը կ՛արտացոլայ  խորագիրին մէջ` «Քրտական գործօնը Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւններում»:

Արաբագէտ Սոնա Տօնիկեան արաբական մամուլի հրապարակումներու հիման վրայ կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Մերձաւոր Արեւելք կատարած այցելութեան եւ անոր արդիւնքներուն:

«Ամերիկեան հետազօտութիւնների հայկական կենտրոն»-ը «Դրօշակ»-ի ընթերցողին համար կը վերլուծէ այս աշնան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները, կը ներկայացնէ քաղաքական ուժերուն հնարաւորութիւնները, անոնց վրայ ներգործելու ունակ ներքին եւ արտաքին ազդակները:

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Զգո՜ւշ Խօսիր Հայաստանում» Երգին Խոհափիլիսոփայական Հայեացքը

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խաբկանքի Եւ Իրականութեան Միջեւ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.