Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացման Առիթով Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

August 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձրաքանդակի մը բացման հանդիսութունը, անկախ մեծարեալին հանդէպ ցուցաբերուած հաւաքական յարգանքէն ու նաեւ մեր յիշողութեան մէջ անոր վաստակի դարբնումէն, աւելի խորիմաստ ու վաւերական խորհուրդ կը պարփակէ անտարակո՛յս:

Սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանին մէջ անզուգական հսկայի մը նուիրուած այս բարձրաքանդակը եւ անոր տեղադրումը սփիւռքի այս անզուգական հայաւանին մէջ, այլապէս այդ խորիմաստ պատգամին կու տայ իւրայատուկ նկարագիր եւ հայ կեանքի ապրած այս պատմակշիռ փուլին, արժէքային համակարգի մը բազմաթիւ խորհրդածութիւններով կը ներկայանայ մեզի:

Այսօր Պօղոս Սնապեանի գրական հարուստ վաստակը ներկայացնելու պահը չէ: Այդ վաստակը այս բարձրաքանդակէն շատ առաջ քանդակուած է մեր մտքին ու ենթագիտակցութեան մէջ: Այո՛, անկեղծանալով` կարելի է անվարան հաստատել, որ Պօղոս Սնապեան բարձրաքանդակներու եւ արձաններու կարիքը բնաւ չունի եւ պիտի չունենայ երբե՛ք անմահութեան պատուանդանին վրայ մնալու համար, որովհետեւ ինք իր գրիչով հայ կեանքին մէջ քանդակած է վեհ ու բարձր` համամարդկային, համազգային, հայրենական արժէքներ, որոնք ժամանակի փչած հողմերուն դիմաց իսկ դոյզն ցնցումն ալ չեն ապրիր:

Մեծարեալը այսօր մեծարելով` փաստօրէն իր արժէքին ու վաստակին վրայ յաւելեալ բան մը աւելցուցած պիտի չըլլանք, սակայն մենք է, որ  հոգեպէս պիտի հարստանանք ու գօտեպնդուինք: Եկէ՛ք անկեղծութեամբ խօսինք ու հարց տանք, որ եթէ չըլլար Պօղոս Սնապեանը, այսօր սփիւռքահայ գրականութիւնը նոյնը պիտի ըլլա՞ր, գրականութեան բագինը այսքան ուժգնութեամբ պիտի բոցավառէ՞ր, պոլշեւիկեան ապազգայնացնող արշաւանքին դէմ թումբ ու վահան այս հզօրութեամբ պիտի կանգնեցուէ՞ր, Խորհրդային Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ գրականութիւնը իբրեւ հաղորդութիւն ու սուրբ նշխար ձեռքէ ձեռք պիտի խլուէ՞ր ու ազգային գաղափարախօսութիւնը, այս խորքայնութեամբ, գրականութեան ճամբով պիտի ծլարձակուէ՞ր, եւ վերջապէս, պիտի ունենայի՞նք մեծ հոյլ մը գրականութիւնը պաշտող դաստիրակ նուիրեալներու, որոնք Պարոնին գործն ու առաքելութիւնը շարունակէին:

Յարգելի՛ ներկաներ եւ Պօղոս Սնապեանի վաստակի երկրպագուներ,

Այսօր այս բարձրաքանդակը կենսաւորող ու անկէ բխող պատգամները բազմաթիւ են, սակայն անդրադառնանք մեր այսօրուան  հայ կեանքին մարտահրաւէրներէն բխած  կարեւորագոյն շեշտադրումներուն`

Առաջին. սփիւռքահայ գրականութեան ակօսները ոռոգման կարիք ունին, նոր ծլարձակումները անհրաժեշտ են սփիւռքեան ներկայ փուլին նկարագիր տալու համար անհրաժեշտ է: Սնապեանի անխոնջ միտքն ու գրականութիւնը մնայուն շարժման եւ վերաթարմացման մէջ պահող մտաւորական ճիգը, որ այսօր ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ:

Երկրորդ. դաշնակցական մտաւորականի տիպարը, որ իր գրիչով, խօսքով ու կեցուածքով կենսական է, որ հարստանայ սնապեանական շունչով: Այդ գրիչը սուրբ գրիչ է, մաքուր, խարազանող, բայց` ոչ վարկաբեկող, ճշմարտութեան ու արդարութեան համար անզիջող, հեռու` պատեհապաշտական ամէն տեսակի փորձութենէ ու  տկարացումներէ:

Երրորդ. մտաւորական մարդուժի հանդէպ մեր ցուցաբերած ակնածանքն ու յարգանքը պահելու անխարդախ եւ անսասան համոզումի ամբողջական ընկալումն է: Այդ յարգանքը անհրաժե՛շտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ տէր կանգնիլ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ հաւաքական կեանքի ղեկավարման բոլոր օղակներուն մէջ մտաւորական խօսքն ու կշիռը դարձնել գերակշռող:

Չորրորդ. հարկ է, որ գաղափարական խօսքը հեռու մնայ այսօրուան արհեստագիտութեան ճամբով ծաւալած աժան հռետորաբանութենէն, խեղաթիւրումներէն եւ հաւաքականութիւնը մոլորեցնող ամէն տեսակի միտումնաւոր ու կեղծ բառակոյտերու ճամբով մտածում զարգացնելէ եւ բարդոյթներու դրսեւորումներէ:

Հինգերորդ. հարկ է, որ համահայկական մտածողութիւնը եւ  այդ առաքելութեան մէջ  մտաւորականութեան դերակատարութիւնը մնան առանցքային ու տիրական: Բաժանարար նոր գիծերու տեղադրումը մեր ազգին մէջ մտաւորականութեան կողմէ պէտք է ենթարկուի յախուռն մերժումի:

Վեցերորդ. պահն է, որ սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջը, գրականութեան հանդէպ տակաւ աճող անտարբերութիւնը դառնան համազգային հրատապ խնդիր, որովհետեւ այդ մէկը անփոխարինելի նախադրեալ է մեր գոյերթին ու լինելութեան համար:

Յարգելի՛ ներկաներ,

Հայ կեանքը այսօր կ՛ապրի խիստ ճակատագրորոշ իրավիճակ. հայրենիքը կանգնած է գոյութեան վտանգի դիմաց, տարածքներու կորուստն ու յանձնումը եւ, աւելի՛ն, ի տես այս վտանգաւոր կացութեան` անտարբերութեան ու կացութիւններուն համակերպելու հիւանդագին մտածողութեան համաճարակային տարողութիւնը ամէն վայրկեան կը թակէ մեր ազգի դարպասը: Դժբախտաբար հայրենի մտաւորականութիւնը իր տեղը զիջած է ընկերային ցանցերու վրայ աժան ու մեր արժէքային համակարգը ոտնակոխ դարձնող անգրագէտ մարդոց փիլիսոփայութիւններու եւ անբովանդակ արտայայտութիւններու:  Սնապեանի բարձրաքանդակը այսօր կու գայ դառնալու զգաստութեան հրաւէր եւ կ՛ահազանգէ ամէնուրեք: Մեր արդար ակնկալութիւնն է, որ մտաւորականութիւնը հայրենի այսօրուան իշխանութիւներու կործանարար վարքագիծը մերժելու ու հայութեան բոլոր հատուածներուն մօտ հոգեփոխութիւն յառաջացնող առաջամարտիկը դառնայ:

Պօղոս Սնապեան միշտ ալ այդ հոգեփոխութեանց յառաջացման ճակատամարտերուն գտնուեցաւ առաջին դիրքի վրայ, մնաց անկեղծ ու հաւատարիմ` իր համոզումներուն, հաւատարիմ` իր պայքարին, մնաց հաւատարիմ` ազգին, հողին ու հայրենիքին: Համագիւղացի իր գրչակիցին եւ իր ամբողջական սէրն ու յարգանքը վայլող Եդուարդ Պօյաճեանի այս տողերը կարծէք հարազատօրէն կ՛արտացոլացնեն  Սնապեանի եզակի անհատականութիւնն ու գործը.

«Պայքարիլ` ըսել է մեծնալ փոթորիկներու ոճով, նմանութեամբը` ովկիանոսը սարսող բոլոր ալեկոծութեանց: Պայքարիլ` ըսել է ուժի եւ բարոյականութեան մրրիկ մը բարձրացնել հոգիներուն ցամաք աւազամասերուն վրայ. Աւել մը` մարդկային ընդհանուր ապականութեան համար»:

Այս բարձրաքանդակը, սիրելինե՛ր, պիտի մնայ այս տեսակի աննահանջ պայքարի նեշնչման մնայուն ու առյաւէտ աղբիւր:

Այնճար, 14 օգոստոս 2022

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստան Վեց Խաղացողով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութեան

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 75-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.