Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կուկըլ Սթրիթ Վիու»-ն 15 Տարեկան Է

Օգոստոս 20, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Համացանցի վրայ Կուկըլի «Կուկըլ սթրիթ վիու»-ն կայքէջին առաջարկած գործողութիւններէն մէկն է: Անոր միջոցով կրնանք «այցելել» աշխարհի որեւէ վայր`, առանց մեր տեղէն շարժելու:

*
*   *

«Կուկըլ սթրիթ վիու»-ն լոյս կը տեսնէ 25 մայիս 2007-ին: Ան յղացուած է իբրեւ շարունակութիւնը «Կուկըլ մափս»-ին, որ մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ ամբողջ աշխարհի քարտէսները: Ան կարելիութիւնը կու տայ այդ կայքէջը գործածողներուն վըրչուըլի տեսնելու աշխարհի որեւէ վայր` շնորհիւ անոր 360 աստիճան արձանագրուած նկարներուն:

Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա իրագործել: Յատուկ մեքենաներով եւ նկարելու գործիքներով օժտուած ինքնաշարժներ կը շրջին աշխարհի ճամբաներուն մէջ: Այս տարբեր տեսակի գործիքները տարբեր անկիւններէն նկարներ կ՛առնեն իրենց անցած վայրերէն: Երբ այս բոլոր նկարները կը խմբուին եւ միասին կը դրուին, կարելի կ՛ըլլայ յատուկ վայր մը 360 աստիճան տեսնել, այսինքն ամբողջ շրջան մը դարձնելով մեր նայուածքը: Ասիկա կարելիութիւնը կու տայ այդ պատկերները դիտողին ինքզինք զգալ այդ վայրին մէջ:

Այս ձեւով «Կուկըլ սթրիթ վու»-ի ինքնաշարժները աւելի քան 220 միլիառ նկարներ առած են 2007 թուականէն ի վեր, աւելի քան 100 երկիրներու մէջ: Այդ ինքնաշարժները կտրած են աւելի քան 16 միլիոն քմ, այսինքն` մօտաւորապէս 400 անգամ աշխարհին շուրջը:

Որովհետեւ ոեւէ մէկը կրնայ ուզած տեղը երթալ շնորհիւ «Կուկըլ սթրիթ վիու»-ի, հետեւաբար այս կայքէջը գործածողները ամէնէն շատ ո՞ր շրջանները «այցելած են» ամէնէն շատ վըրչուըլի այցելութիւններ արձանագրած երեք վայրերը Տուպայի Պուրժ Խալիֆա, Փարիզի Էյֆէլ աշտարակը եւ Հնդկաստանի Թաժ Մահալը եղած են:

Իսկ ամէնէն շատ այցելութիւններ արձանագրած երկիրներէն առաջին հորիզոնականի վրայ է Ինտոնեզիան, ապա Միացեալ Նահանգները, եւ վերջապէս` Ճափոնը:

Իսկ դուն ո՞ր վայրը, շրջանը, կամ երկիրը պիտի ուզէիր այցելել «Կուկըլ սթրիթ վիու»-ն միջոցով:

Հարցարան

Աշխարհին Շուրջ

1) Ո՞ր երկիրը կոչուած է «Արծիւներու հողը»:
ա.- Ալպանիա, բ.- Փարակուէյ գ.- Անկոլա, դ.- Պութան:

2) Ո՞ր երկիրը ճանչցուած է իբրեւ «1000 լիճերու երկիրը»:
ա.- Ֆինլանտա, բ.- Սրի Լանքա, գ.- Մոնկոլիա, դ.- Մատակասքար:

3) Ո՞ր քաղաքը ճանչցուած է իբրեւ «Ճերմակ քաղաքը»:
ա.- Քազապլանքա, բ.- Աթէնք, գ.- Վալեթթա, դ.- Նիկոսիա:

4) Ո՞ր ամերիկեան քաղաքը կը ներկայացուի իբրեւ «այն քաղաքը, որ բնաւ չի քնանար»:
ա.- Սան Ֆրանսիսքօ, բ.- Լոս Անճելըս, գ.- Մայամի, դ.- Նիւ Եորք:

5) Ո՞ր քաղաքը կոչուած է «7 բլուրներու քաղաքը»:
ա.- Հռոմ, բ.- Փարիզ, գ.- Պարսելոնա, դ.- Լիզպոն:

6) Ո՞ր քաղաքը ճանչցուած է իբրեւ «Քանատայի Վենետիկը»:
ա.- Թորոնթօ, բ.- Մոնրէալ, գ.- Օթթաուա, դ.- Վանքուվըր:

7) Ո՞ր երկիրը կը կոչուի «Հանդարտ առտուան հողը»:
ա.- Եգիպտոսը, բ.- Քորէա, գ.- Հնդկաստան, դ.- Ուքրանիա:

8) Ո՞ր երկիրը ճանչցուած է իբրեւ «Աշխարհի պորտը»:
ա.- Քուսքօ, բ.- Հռոմ, գ.- Պաղտատ, դ.- Փեքին:

9) Ո՞ր երկիրը անուանուած է «Հնդկաստանի արցունքը»:
ա.- Նեփալ, բ. Փաքիստան, գ.- Պանկլատէշ, դ.- Սրի Լանքա:

10) Ո՞ր երկիրը անուանուած է «Երաժշտութեան մայրաքաղաք»:
ա.- Սենթ Փեթերսպուրկ, բ.- Փարիզ, գ.- Սալզպուրկ, դ.- Վիեննա:

11) Ո՞ր երկիրը կոչուած է «Զմրուխտի կղզին»:
ա.- Պերմուտա, բ.- Ռեսունիոն, գ.- Իրլանտա, դ.- Մալտիւներ:

12) Ո՞ր քաղաքը անուանուած է «1000 զանգակատուներու քաղաքը:
ա.- Լիոն, բ.- Փրակա, գ.- Պրիւքսել, դ.- Քոփենհակըն:

13) Ո՞ր երկրին կը պատկանի Զատիկ կղզին:
ա.- Չիլի, բ.- Փերու, գ.- Արժանթին, դ.- Պոլիվիա:

14) Ո՞ր է աշխարհի ամէնէն մեծ արշիպեղագոսը:
ա.- Ճափոն, բ.- Ինտոնեզիա, գ.- Ֆիլիփիններ, դ.- Ուանուաթու:

15) Ո՞ր երկրին մէջ կարելի է այցելել փոքրիկ ծովանոյշին:
ա.- Շուէտ, բ.- Ֆինլանտա, գ.- Դանիա, դ.- Գերմանիա:

16) Քանի՞ երկիրներէ կ՛անցնի Տանիւպ գետը:
ա.- 6, բ.- 8, գ.- 10, դ.- 12:

17) Ո՞ր ովկիանոսին վրայ կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոն:
ա.- Ատլանտեան ովկիանոս, բ.- Հնդկաց Ովկիանոս, գ.- Խաղաղական ովկիանոս, դ., Արքթիք ովկիանոս:

18) Ո՞ր իտալական քաղաքը կործանեցաւ Վեզուվիօ հրաբուխին պատճառով:
ա.- Պոպէյի, բ.- Վեզուվիօ, գ.- Նափոլի, դ.- Քափրի:

19) Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կը գտնուի Քիլիմանճարօ լեռը:
ա.- Ասիա, բ.- Հիւսիսային Ամերիկա, գ.- Ափրիկէ, դ.- հարաւային Ամերիկա:

20) Ո՞ր դրամը կը գործածուի Փեքինի մէջ:
ա.- Պաթ, բ.- Ռուքի, գ.- Եէն, դ.- Եուան:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Մտածենք

Չորս Ընկերներու Արձակուրդները

Բացատրութիւններուն հետեւելով` փորձէ գիտնալ, թէ իւրաքանչիւր ընկեր ո՞ւր ճամբորդեց, ի՞նչ ըրաւ իր կեցութեան ընթացին, եւ ի՞նչ է անոր մականունը:

1.- Աղջիկներէն մէկը յատկապէս սիրեց աւազաբլուրներուն վրայ պտտիլը, իսկ մանչերէն մէկը իր արձակուրդը անցուց Մարսէյ:

2.- Վարդան արաբական քաղաք մը այցելեց, իսկ Հայկազեան մականունով աղջիկը Ֆրանսա գնաց:

3.- Սարինը ուրախ արձակուրդ մը անցուց Փիրէայի մէջ:

4.- Թագւորեան մականուն կրող մանչը ամէն օր կը լողար:

5.- Րաֆֆին աւազէ պալատներու մրցումի մը մասնակցեցաւ:

6.- Սարինին մականունը Մեսրոպեան չէ, եւ ան խեցիներ չհաւաքեց:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները, ինչպէս նաեւ` սիրտը, մոմը, ասեղը եւ երաժշտական նոթը:

Հարցարանին Պատասխանները

1 – ա, 2 – ա, 3 – ա, 4 – դ, 5 – ա, 6 – դ, 7 – բ, 8 – ա, 9 – դ, 10 – դ, 11 – գ, 12 – բ, 13 – ա, 14 – բ, 15 – գ, 16 – գ, 17 – գ, 18 – ա, 19 – գ, 20 – դ:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Օգոստոս 2022)

Յաջորդը

Արարատ Աղասեան (Ժբ.) «Արուեստագիտութեան Հանդէս» Եւ Մասամբ Նորին

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?