Ազատ ոճի ըմբիշ Սերկէյ Սարգսեան Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր` 92 քկ դասակարգի մրցումներուն 12-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ամերիկացի մրցակիցին:
Նշենք, որ ան կիսաւարտականի մրցումներուն 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր վրացի մրցակիցէն:
Պրոնզէ մետալի տիրանալու իրենց յոյսերը կորսնցուցին Հայկ Աբրահամեան (61 քկ) եւ Գուրգէն Սիմոնեան (86 քկ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Մուշեղ Մկրտչեան Հայաստանին ապահոված էր արծաթ մետալ մը: