Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ անմիջական հաղորդակցութիւնները կարեւոր են: Այս մասին շուէտական «Տակենզ Նայհեթեր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց:
«Որքան ալ դժուար ըլլայ, սակայն ուղղակի հաղորդակցութիւնը կարեւոր է յատկապէս ճգնաժամի ժամանակ: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր յայտարարութիւնները անմիջապէս հասնին Ռուսիոյ նախագահին», բացատրած է Շոլց:
Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, այս ձեւով ան կ՛ուզէ Ռուսիոյ ղեկավարին ներկայացնել Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերաբերեալ Արեւմուտքի դիրքորոշումը:
Բացի ատկէ, Շոլց աւելցուցած է, որ «տեսանելի ապագային» հաւանական չի նկատեր Մոսկուայի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Գերմանիոյ վարչապետը նախապէս խօսած էր Փութինի Գերմանիա այցելութեան կարելիութեան մասին: Շոլց ըսած է, որ տակաւին չէ մտածած այդ մասին, սակայն աւելցուցած է, որ ատոր պայմանները պիտի ըլլան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցումը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը:


