Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Ռուբինեան Եւ Քըլըչ 500 Անգամ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են

August 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը որոշ տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հաղորդակցութիւններուն մասին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, օրաթերթը յղում կատարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն անանուն աղբիւրին:

Կը նշուի, որ կողմերը մինչեւ այս պահը հանդիպած են մէկ անգամ Մոսկուայի մէջ եւ երեք անգամ` Վիեննայի մէջ, իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են աւելի քան 500 անգամ:

«Ձեռք բերուած տեղեկութեան համաձայն, երկու երկիրներու փոխադրամիջոցներու, առեւտուրի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնատարները կը պատրաստուին քննարկելու բնականոնացման հոլովոյթի ծիրին մէջ ձեռնարկուող քայլերու թեքնիք երեւոյթները:

«Յուլիսին Վիեննայի մէջ յատուկ ներկայացուցիչներ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումէն ետք համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանները բանալու վերաբերեալ: Ատոր ծիրին մէջ կը նախատեսուի քննարկել թեքնիքական պատուիրակութիւններու կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը եւ կազմել ճամբու քարտէս: Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք յաջորդ հանդիպումին վայրը տակաւին յստակացուած չէ», կը նշուի հրապարակման մէջ:

Կը նշուի, որ երկու երկիրներուն միջեւ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ քայլ առ քայլ յառաջ երթալու շուրջ կայ համաձայնութիւն:

11 օգոստոսին թրքական լրատուամիջոցները, դարձեալ յղում կատարելով անանուն աղբիւրի, յայտնած էին, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով այդ հրապարակումներուն, յայտնած էր, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումին վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չկայ:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Իմանայ, Որ Կրակի Հետ Կը Խաղայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Դիւանագէտ Մը

Յաջորդը

«Պէտք Է Հասկնանք, Որ Այս Երկիրը Փրկելու Միակ Միջոցը Երկխօսութիւնն Է, Ո՛չ Զէնքը, Ո՛չ Պատերազմը Եւ Ո՛չ Ալ Սադրանքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.