ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն եւ Տնտեսական խորհուրդի անդամին`
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին, Լիբանան:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ հաշուեքննիչին`
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին, Լիբանան:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ հաշուեքննիչին`
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին անդամներէն
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին հաշուապահներէն
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղը կը գուժէ իր անդամներէն
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տնտեսական բարելաւումի հայկական հիմնադրամի (ԱՖԷՏ) ներկայացուցչական ժողովը, տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը կը գուժեն իրենց անդամին եւ հաշուեքննիչին`
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի (CSG) Նախկին ուսանողներու միութիւնը կը գուժէ միութեան հիմնադիր-ատենապետ
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Իզապէլ Աբրահամեան եւ զաւակները` Լոռի եւ Սագօ
Օրդ. Վանտա Աբրահամեան
Տիկին Հայկանուշ Պաղտասարեան
Տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Նորա Գարակէօզեան
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Սիրան Պաղտասարեան եւ զաւակները` Պաղտիկ եւ Վանի
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Մարիեթ Իզմիրլեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Աշոտ եւ Օսան Մսըրլեան
Տիկին Վիգի Խտըշեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկին Յովիկ Գույումճեան եւ զաւակները
Աբրահամեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Տէր Գէորգեան ընտանիքներ
Իզմիրլեան եւ Մսըրլեան ընտանիքներ
Խտըշեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, փեսային, քեռայրին, քենեկալին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1959-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 12 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
Ցաւակցութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել նաեւ հետեւեալ թիւերուն
– Սագօ Աբրահամեան 00 33 615 90 04 94:
– Վանտա Աբրահամեան 03 872 675
– Միհրան Պաղտասարեան 03 615 481
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Նախկին ուսանողներու միութեան` 03-260861 թիւին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՀԱՐՊԻԿ ՔԷՉԷՊԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին, Երեւանի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան
Տիկին Մաքրուհի Քէչէպաշեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ալին Քէչէպաշեան եւ զաւակները` Դրօ-Հարպիկ եւ Նարօտ
Տիկին Մարալ Քէչէպաշեան եւ զաւակը` Սէրուժ Լափաճեան
Տէր եւ տիկին Թադէ եւ Սարին Գասպարեան եւ դուստրը` Մարի
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Բալիկ Հալաճեան եւ դստերք` Էմա եւ Սիեննա
Քէչէպաշեան եւ Ֆարաճեան ընտանիքներ
Չոպանեան եւ Բարսեղեան ընտանիքներ
Կիտցինեան եւ Լիպարեան ընտանիքներ
Լափաճեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Հալաճեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Հայթայեան եւ Վեզիրեան ընտանիքներ
Կէրէքմեզեան եւ Տեւելեան ընտանիքներ
Մազմանեան եւ Տողրամաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՀԱՐՊԻԿ ՔԷՉԷՊԱՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պուրճ Համուտ, 1938-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան, Հայաստանի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Մալաթիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Սովետաշէնի գերեզմանատունը (Արին բերդ):
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՒ
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ
ՇԱԲԱԹ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը պիտի նշուին շաբաթ, 13 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Ս. եւ անմահ պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք կատարէ
եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.
ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏը
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
ԾԱՆՕԹ:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 5:00-ին` հետեւեալ վայրերէն.
- Անթիլիասի մայրավանք
- Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
- Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմփիք)
- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
- Ս. Ագնէս վարժարան
- Ազգային Ծերանոց
- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
- Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
- Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
- Ս. Յակոբ (Էշրեֆիէ)
ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022
Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱՏԱՂՆԵՐ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան առիթով մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակներուն ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ մատաղցու ոչխար, խաղող կամ փոխան մատաղի եւ խաղողի նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան իրենց նուէրները յանձնել Անթիլիասի մայրավանք կամ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք` առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 12 օգոստոս 2022-ի կէսօր:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
– Անթիլիասի մայրավանք` 04-410001/3 (ժամը 8:00-16:00)
– Ս. Աստուածածին վանք` 04-983634 (ժամը 16:00-18:00)
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԽԱՂՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ սրբապատկերներու օծումն ու խաղողի օրհնութիւնը կատարէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Աւագեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ՎԵՐԹԱՀԻՄ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը` Պուրճ Համուտի շրջանին համար:
Թեկնածուն պէտք է լաւ տիրապետէ հայոց լեզուին` ինչպէս նաեւ քաջածանօթ ըլլայ համակարգչային ծրագիրներու գործածութեան (word եւ excell):
Աշխատանքի ժամանակացոյց`
Ամէն օր ժամը 11:30-էն 7:00, իսկ շաբաթ օրերը ժամը 9:00-էն 6:00:
Հետաքրքրուողները կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով 03-781920 կամ WhatsApp 03-602342 թիւերուն:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Խոհանոցի մէջ աշխատող հայ կիներ:
Հայկական եւ արաբական ճաշերու պատրաստութեան փորձառու եւ հմուտ ըլլալը` պայման: Հեռ. 81-290488:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Վերթահիմ Աւագեանի մահուան քառասունքին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Սէֆէրեան ընտանիք 50.000 լ. ո., տիկին Սիմա Պոյաճեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ եւ Շողիկ Մէնկիշեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Գէորգ Գասպարեան 50.000 լ. ո., տիար Սեւակ Գույումճեան 25.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ստեփան Քէհէեան 50.000 լ. ո., Ռիթա Քէհէեան եւ ընտանիք 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Գէորգ Բալթարեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկ՛ին Աբրահամ Զաքարեան 50.000 լ. ո. տէր եւ տիկին Մարտիկ Գարաօղլանեան 50.000 լ. ո.: