ՕԹԱՆ-ը չի ձգտիր Ռուսիոյ հետ դիմակայութեան եւ անոր համար սպառնալիք չէ: «Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռիկայի մէջ իր լաթվիացի գործընկեր Արթիս Փապրիքսի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին:
«Եկէք յստակացնենք. մենք Ռուսիոյ հետ ճակատում չենք փնտռեր եւ անոր համար վտանգ չենք ներկայացներ», ընդգծած է Լոյտ:
«Վետոմոսթի» կը յիշեցնէ, որ ՕԹԱՆ-ը յունիսի վերջաւորութեան Ռուսիան ճանչցած էր իբրեւ դաշինքի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ «եւրատլանտեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար ամէնէն վտանգաւոր եւ անմիջական սպառնալիք»:
ՕԹԱՆ-ը միեւնոյն ժամանակ կը պնդէ, որ Մոսկուայի հետ ճակատումի չի ձգտիր եւ Ռուսիոյ համար վտանգ չի ներկայացներ: Դաշինքը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է պահպանելու Ռուսիոյ հետ կապի ուղիները` վտանգները նուազեցնելու եւ մագլցումը կանխարգիլելու համար: