Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեանի Հետ Շատ Կառուցողական Զրոյց Ունեցած Ենք. Կը Հաւատամ, Որ Մեր Շրջանը Կարճ Ժամանակի Մէջ Պիտի Կայունանայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

August 9, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի վրայ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններով: Ակնյայտ է, որ առանց մարտի դաշտի մէջ ուժեղ ըլլալու, դժուար է բանակցային սեղանի վրայ ձեռքբերումներ ունենալ: Թրքական «Փոսթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` աւելցնելով, թէ միջազգային ընտանիքը էական քայլ չէ կատարած Հայաստանի շուրջ 30 տարի տեւած «բռնագրաւումի» քաղաքականութեան դէմ:

Էրտողանի համաձայն, 44-օրեայ պատերազմին մէջ Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք «բռնագրաւումը» աւարտած է:

«Մենք քրտնաջան կ՛աշխատինք, որպէսզի պատմական կարելիութիւնը չկորսնցնենք: Մենք զգալի յառաջընթաց արձանագրած ենք Կովկասի մէջ «կայուն խաղաղութեան» ուղղութեամբ: Մենք շատ կառուցողական զրոյց ունեցած ենք Փաշինեանի հետ: Ես կը հաւատամ, որ մեր շրջանը կարճ ժամանակի մէջ պիտի կայունանայ, եթէ Հայաստանը արձագանգէ կոչերուն», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեան յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Էրտողանի հետ: Անոնք ընդգծած էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, շնորհաւորած էին զիրար Ատհայի եւ Վարդավառի տօներուն առիթով:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ դեսպաններու 13-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոյն խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց հանդիպումները:

«Մենք ատիկա առանձին չենք ներկայացներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող հոլովոյթներէն եւ շրջանին մէջ կարգաւորման ու համագործակցութեան ջանքերէն, ինչ որ մեր հիմնական նպատակն է: Շրջանին մէջ վերջին օրերուն նկատուած լարուածութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն փխրուն է գործող զինադադարի դրութիւնը: Այս ընթացքին պիտի ամրապնդուի Ազրպէյճանի հետ մեր համերաշխութիւնը», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան յայտարարած է. «Թուրքիան եղած է եւ կը մնայ ճիշդի կողմը, հանդէս կու գայ արդարութեան օգտին: Այդպէս էր Ղարաբաղի հարցին մէջ: Մենք տասնամեակներ շարունակ կը յայտարարէինք ազրպէյճանական հողերու բռնագրաւման անթոյլատրելիութեան մասին»:

Անոր համաձայն, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Անգարան կը շարունակէ ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու, համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ:

«Մենք դարձեալ կը զգուշացնենք Հայաստանը հետագայ սադրանքներու անթոյլատրելիութեան մասին», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Մեր երկիրը ոչ մէկ երկրի թշնամի է. բոլոր անոնք, որոնք հակառակը կը պնդեն, կողմնակալ են», շեշտած է Չաւուշօղլու:

 

 

Նախորդը

Փեքին. «Յոյսով Ենք` Պաքուն Եւ Երեւանը Կարելիութիւններ Պիտի Գտնեն Տարակարծութիւնները Քաղաքական Երկխօսութեան Ծիրին Մէջ Լուծելու»

Յաջորդը

Փաշինեան-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Քննարկուած Է Արցախի Իրավիճակը

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան  Յարաբերութիւններուն Վերաբերող  Եւ Շրջանային Հարցեր
Հայկական

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

January 10, 2026
Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան  Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները
Հայկական

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

January 10, 2026
Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.