Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Ուաշինկթընի կողմէ Մոսկուան ահաբեկչութեան աջակցութեամբ ամբաստանուելուն պարագային Միացեալ Նահանգներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը չբացառեց:
Զախարովա, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Ռուսիան ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակին վրայ ներառելու առաջարկի քննարկումը, յայտնեց. «Ռուսիան պատրաստ է իր նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշման որեւէ զարգացման: Պէտք է գիտնան, որ պատրաստ ենք կացութեան որեւէ զարգացումի, եւ եթէ Ուաշինկըթըն որոշէ Մոսկուայի հետ գործակցութեան ամբողջական դադրեցման քայլին դիմել, ապա ատոր պիտի տոկանք»: